ՏԱԿՆՈՒՎՐԱՅ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային ընտրութիւններու կազմակերպման ներկայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը տիրէ տակնուվրայութիւնը։ Այս կացութիւնը յառաջացած է՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներուն համար հրապարակուած ընտրական նոր կանոնադրութենէն վերջ։ Թէեւ այդ կանոնադրութիւնը կատարեալ չէ, սակայն, առկայ կացութեան բուն պատճառները այդքանով սահմանափակուած չեն։ Արդարեւ, ընդհանուր առմամբ, ընտրութիւններու կազմակերպման աշխատանքները հետզհետէ կը հեռանան համակարգուած բնոյթ ունենալէ։ Թէեւ կանոնադրութեան մէջ շրջանային ընտրութեան համակարգ մը հաստատուած է, սակայն, իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի վաքըֆները սկսած են գործել ինքնագլուխ, թափանցիկութեան ոգիէ հեռու։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ինքնագլուխ նախաձեռնութեամբ ծագած մտահոգութիւնները աստիճանաբար կ՚արդարանան։ Այս վատ օրինակին կը հետեւին այլ զանազան մատակարար մարմիններ։ Յամենայնդէպս, համատարած մտահոգութիւնը հետզհետէ կը բազմապատկուի՝ առաջին հերթին ընդհանուր անփութութեան հետեւանքով։ Որեւէ ղեկավարութիւն հանրութիւնը եւ մամուլը պաշտօնապէս տեղեակ չի պահեր իր նախաձեռնութիւններէն՝ բաւարարուելով միայն ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած ձեւական գրառումներով։
Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ նոր ընտրողներու արձանագրութեան համար սահմանուած յաւելեալ ժամկէտն ալ սկսած է այսօր։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, առհասարակ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերուիր, ինչ որ վառ ապացոյց մըն է, թէ վարչայիններու անփութութիւնը ժողովուրդի անտարբերութեան պատճառ դարձած է եւ, բնականաբար, կը ծնին կասկածներ, թէ այդ անփութութիւնն ալ կրնայ դիտումնաւոր ըլլալ։