ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի (Tarih Vakfı) եւ Փոք­րա­մաս­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին խմբա­կին հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քի մը հի­ման վրայ պատ­րաստուած է Թուր­քիոյ կրթա­կան դրու­թեան վե­րա­բե­րեալ ու­շագ­րաւ տե­ղե­կա­գիր մը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն լայն ար­ձա­գանգ կը գտնէ նաեւ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ պատ­րաս­տուած է այս տե­ղե­կա­գի­րը, որ կը կո­չուի «Թուր­քիոյ կրթու­թեան հա­մա­կար­գէն ներս գոյ­նի, ազ­գա­յին, լե­զուի, կրօ­նի եւ հա­ւա­տի հի­ման վրայ խտրա­կա­նու­թիւն»։ Թուր­քիոյ կրթա­կան հա­մա­կար­գէն ներս հա­ւա­սա­րու­թեան դի­տարկ­ման ա­ռա­ջադ­րան­քով ծրագ­րի մը շրջագ­ծով պատ­րաս­տուած է այս տե­ղե­կա­գի­րը, ո­րու ծա­նօ­թաց­ման հա­մար ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մաս­նա­ւոր մամ­լոյ ա­սու­լիս մը՝ «Թուր­քիոյ ազ­գա­յին կրթու­թեան հա­մա­կար­գի «ա­պազ­գա­յին­նե­րը»»։ Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ը­շըք Թամ­տո­ղան, նոյն հիմ­նար­կէն Կիւ­րէլ Թիւ­զիւն եւ Փոք­րա­մաս­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին խմբա­կի Թուր­քիոյ հա­մա­կար­գող Նուր­ճան Քա­յա։ 
Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճէ­զա­յիր» հա­մա­լի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լի­սը, ո­րու ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ այն լուրջ խնդիր­նե­րուն, զորս կը դի­մագ­րա­ւեն երկ­րի փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րը։ Միայն այս վեր­ջին­նե­րուն մօտ է, որ Թուր­քիոյ մէջ մայ­րե­նի լե­զուով կրթու­թիւն կը ջամ­բուի, իսկ ա­նոնք կը տա­ռա­պին նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րէ եւ այլ խնդիր­նե­րէ։ 
Տե­ղե­կագ­րին բո­վան­դա­կած կէ­տե­րը ման­րա­մաս­նե­լով ա­տե­նա­խօս­նե­րը շեշ­տե­ցին նաեւ, թէ դա­սա­գիր­քե­րը հե­ռու են ցո­լաց­նե­լէ Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թեան զա­նա­զա­նու­թիւ­նը ու կ՚ընդգր­կեն թրքու­թեան վա­նող հաս­կա­ցու­թիւն մը։ Դա­սա­գիր­քե­րու մէջ կարգ մը խմբա­ւո­րում­նե­րուն նկատ­մամբ կը նկա­տուին նա­խա­պա­շա­րեալ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015