ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին, ուր տեղւոյն վրայ քննեց վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքը։ Հարկ է նշել, որ միջոցէ մը ի վեր Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ մէջ վերանորոգութեան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին եւ այս ծրագրին ներգրաւուած է նաեւ մեր յայտնի ու երախտաշատ արուեստագէտներէն Էրոլ Սարաֆեան, որ գեղարուեստական բնոյթով երեսակներուն անփոխարինելի մասնակցութիւն մը կը բերէ՝ համբերատար ու բծախնդիր վերաբերմունքով։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ան հիւրընկալուեցաւ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ատենապետին՝ Մուրատ Սիւմէի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Էրոլ Սարաֆեան, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրութիւններ տուաւ՝ Սուրբ Գիրքի վերաբերեալ դրուագներու, սրբապատկերներու պարագային ծաւալած աշխատանքին շուրջ։ Հարկ է նշել, որ եկեղեցւոյ ամբողջ առաստաղը ծածկուած է այդպիսի աշխատանքներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Էրոլ Սարաֆեանի կողմէ տարուած բծախնդիր աշխատանքը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի տեւողութեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր այս սրբավայրի ստացած պայծառ տեսքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Մուրատ Սիւմէի գլխաւորած թաղային խորհուրդի աշխատանքներուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ։

Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ դեկտեմբեր ամսուան մէջ նախատեսուած է Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021