ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը այս շա­բա­թա­վեր­ջին դար­ձեալ պի­տի դի­մէ մեր հա­մայն­քի զօ­րակ­ցու­թեան՝ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը Կի­րա­կի ժա­մադ­րուած են մեր այս ա­մե­նա­բազ­մու­թիւն թա­ղին մէջ՝ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ նա­խա­տե­սուած սի­րոյ սե­ղա­նին առ­թիւ։ Սա հեր­թա­կան «ճա­կա­տագ­րա­կան փուլ»ն է ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ՝ թա­ղի դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան տե­ւա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հի կամ պայ­քա­րի հեւ­քին մէջ։ Ա­նոնք ա­մէն տա­րի մեծ մար­տահ­րա­ւէր մը կը դի­մագ­րա­ւեն՝ դպրո­ցին գո­յու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու, կրթա­կան գոր­ծին կա­յու­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վագ­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս։ Այս­պէս, այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք հիւ­րըն­կա­լե­լու՝ Մա­նուկ Էօղէ­րը (ա­տե­նա­պետ), Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուն, Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեա­նը եւ Գա­րէն Թեր­զեա­նը, ո­րոնք յայտ­նե­ցին, թէ պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը ար­դէն հա­սած են վեր­ջին փու­լին։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը, որ մեր հա­մայն­քի շար­ժիչ ու­ժե­րէն մին է, այս ան­գամ եւս զօ­րակ­ցու­թեան կոչ կ՚ուղ­ղէ մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին։ Մար­դու­ժով հա­րուստ մեր այս թա­ղը, դժբախ­տա­բար, զուրկ է մըշ-տա­կան ե­կա­մու­տի աղ­բիւր­նե­րէ, ինչ որ մե­ծա­գոյն դժուա­րու­թիւնն է՝ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի դռնե­րը բաց պա­հե­լու, ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կա­յուն թա­փով յա­ռաջ տա­նե­լու ճա­նա­պար­հին։ Այդ հա­կա­սու­թիւ­նը Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ա­ռա­ւել բա­ժին դուրս կը բե­րէ մեր կրթա­կան կեան­քի ան­կա­նոն ու ան­ներ­դաշ­նակ վի­ճա­կէն։ Այ­սօր մեր հա­մայն­քը ու­նի իր ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր տա­րո­ղու­թեան կամ նե­րու­ժի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րէն ա­ւե­լի բարձր թի­ւով դպրոց­ներ։ Մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին վի­ճա­կը այն է, որ մեր ա­մե­նա­բազ­մա­մարդ թա­ղի դպրո­ցը չ՚ար­դա­րա­նար ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւին ա­ռու­մով ու գեր­մարդ­կա­յին ջան­քեր կը գոր­ծադ-րըւին՝ որ­պէս­զի ան չկքի պիւտ­ճէի բե­ռին տակ։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը դի­մագ­րա­ւէ հե­տե­ւեանք­նե­րը այն­պի­սի խնդիր­նե­րու, ո­րոնց լու­ծու­մը յա­ճախ միայն իր­մէ կա­խում չու­նի եւ տա­կա­ւին այդ խնդիր­նե­րը կը ծա­գին իր կամ­քէն բո­լո­րո­վին ան­կախ, ար­հես­տա­կան գոր­ծօն­նե­րու բե­րու­մով։

Հա­մայն­քի են­թար­կուած ընդ­հա­նուր ծանր վի­ճա­կին մէջ լու­ծում­նե­րու հո­րի­զո­նը կ՚ու­րուագ­ծուի աս­տի­ճա­նա­բար, սա­կայն մինչ այդ, մին­չեւ որ գործ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու պա­հը հա­սուն­նայ՝ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պէտք է զերծ պա­հուին ցնցում­նե­րէ։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը այս շար­քին մէջ ա­ռա­ջին կար­գե­րու վրայ կը դա­սուի։ Թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ վար­չա­կան ա­ռու­մով լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած է՝ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու հա­սոյթ­նե­րը բազ­մա­պատ­կե­լով։ Յա­մե­նայն­դէպս, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րէն հա­ւա­քուած նուի­րատուու­թիւն­նե­րը առ­նուազն հինգ տա­րիէ ի վեր կը գտնուին նոյն մա­կար­դա­կին վրայ։ Մա­կե­րե­սա­յին դի­տար­կու­մով մը՝ ե­թէ հա­շուի առ­նուի, որ երկ­րին մէջ ար­ժեզր­կու­մը տա­րե­կան 10 տո­կո­սի հա­մե­մա­տու­թեան կը հաս­նի՝ ա­պա ինք­նա­բե­րա­բար շուրջ 50 տո­կո­սի բաց մը կը գո­յա­նայ մի­ջին ժամ­կէ­տի բաղ­դա­տու­թիւն­նե­րով։ Հե­տե­ւա­բար, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը դժուա­րա­նայ կա­սեց­նել պիւտ­ճէի բա­ցին մե­ծա­նա­լը։ Այս տա­րուան դրու­թեամբ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ընդ­հա­նուր պիւտ­ճէի շուրջ մէկ եր­րոր­դը մնա­ցած է բաց։ Ծա­նօթ է, որ այս թա­ղը ոչ միայն հա­յա­շատ է, այլ նաեւ այն­տեղ կը տի­րէ կեն­սու­նա­կու­թիւն։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի բո­լոր մար­մին­նե­րը կ՚աշ­խա­տին ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ եւ միայն Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի կա­րիք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով կը գո­յա­նայ պիւտ­ճէի բա­ցը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նշե­ցին, որ շնոր­հիւ այդ կեն­սու­նա­կու­թեան՝ ի­րենք հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին պայ­քա­րե­լու խմբա­յին աշ­խա­տան­քով, ու մա­նա­ւանդ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման վրայ հիմ­նուած միաս­նա­կան ո­րո­շում­նե­րով լու­ծում փնտռե­լու։ Հիւ­րե­րը ընդ-գ­ըծե­ցին նաեւ, որ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի մար­դա­կեդ­րոն մտա­ծե­լա­կեր­պով մը, գե­րա­դաս կը հա­մա­րէ մար­դուժ, սե­րունդ պատ­րաս­տե­լը։ Հե­տե­ւա­բար, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ու­նի նաեւ այն հա­մո­զու­մը, թէ թա­ղե­ցի­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջանք պի­տի գոր­ծադ­րեն՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կան­գուն պա­հե­լու եւ ա­նոնց կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու ուղ­ղու­թեամբ։

«Մենք պատ­րաստ ենք ա­մէն զո­հո­ղու­թիւն յանձն առ­նե­լու՝ մեր թա­ղի դպրո­ցը բաց պա­հե­լու հա­մար։ Ե­թէ այս դպրո­ցը չըլ­լայ, ե­թէ մեր միւս դպրոց­նե­րը չըլ­լան, ա­պա մենք մեր նոր սե­րուն­դը չենք կրնար հա­ղորդ պա­հել մեր լե­զուին ու կրօ­նին, ինչ որ մե­ծա­գոյն հարս­տու­թիւնն է։ Ե­թէ պէտք ըլ­լայ՝ պի­տի վա­ճա­ռենք մեր ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րը։ Ո­րով­հե­տեւ մե­զի հա­մար տրա­մա­բա­նա­կան չէ ու­նե­նալ կա­լուած­ներ, զա­նոնք պա­հել եւ զրկուիլ վար­ժա­րա­նէն։ Մեր նախ­նի­նե­րը Ա­նա­տո­լուէն Իս­թան­պուլ գա­լու ժա­մա­նակ ի­րենց հետ կրցած էին բե­րել միայն տախ­տա­կէ պա­յու­սակ­ներ, նաեւ ի­րենց լե­զուն ու կրօ­նը։ Ու­րիշ բան մը չէին կրցած բե­րել ի­րենց հետ», ը­սաւ Մա­նուկ Էօ­ղէր։

Մեր զրոյ­ցի ա­ւար­տին Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կրկնե­ցին ի­րենց կո­չը՝ որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քը սա­տար կանգ­նի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին եւ ա­նոր կա­յուն եր­թը շա­րու­նա­կուի ան­խա­փան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2016