ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՆՈՒԷՐ՝ ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին հերթական անգամ գիրք մը կը նուիրէ իր ընթերցողներուն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, բոլորովին վերջերս «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Երկու դրախտները» խորագրեալ ժողովածոն, որ կը բովանդակէ Վահան Թէքէեանի կողմէ հեղինակուած գործեր։ Այս արժէքաւոր գիրքը երեսուն կտրօնի փոխարէն պիտի տրամադրուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն։ Առաջին կտրօնը այսօր արդէն կը հրատարակուի թերթիս մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017