ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

Պատրիարքական ընտրութեան մատնուած փակուղին կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել մեր համայնքին օրակարգը։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Գերմանիայէ վերադարձին Գումգաբուի մէջ երթեւեկը վերստին աշխուժացած է վերջին երկու օրերուն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Երկուշաբթի երեկոյեան Գերմանիայէն վերադարձաւ քաղաքս եւ իր Պատրիարքարան հասած ժամերուն արդէն ժողովի մէջ էր Նախաձեռնարկ մարմինը, որ ցնցուած է վերջին հրաժարականներով, մանաւանդ իր ատենապետի հրաժարականով։ Համայնքային շրջանակներէն ներս արձագանգ գտած էր, որ այդ ժողովը անցած էր լարուած մթնոլորտի մը մէջ եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան միայն որոշ ժամանակ մասնակցած էր խորհրդակցութեան։ Միջոց մը առաջ Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակներէն հասած էին լուրեր, ըստ որոնց վերջնական որոշումի համար կը սպասուէր տեղապահի վերադարձին։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Գերմանիա գտնուած օրերուն Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած էր կարեւոր հանդիպում մը, որու ընթացքին կուսակալ Վասիփ Շահին տեղեկացուցած էր պետական իշխանութիւններուն դիրքորոշումը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։ Այդ հանդիպման ընթացքին վերահաստատուած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ փոխանցուած պատգամները, ըստ որոնց տեղապահը պաշտօնական ճանաչում պիտի չունենայ եւ անկարելի է, որ իրմով ու ներկայ Նախաձեռնարկ մարմինով համայնքը կարենայ ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան։ Տեղապահն ալ հեռակայ դրութեամբ տեղեկացուցած էր, որ վերադարձին պիտի փորձէ տեսակցիլ կուսակալին հետ։ Թէեւ այդ մտադրութեան մասին Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին, սակայն յաջորդող օրերուն որեւէ յստակութիւն չեղաւ կամ ոչինչ հաղորդուեցաւ պաշտօնապէս։

Մինչ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գերմանիայէն քաղաքս վերադարձաւ հարցականներով ծանրաբեռնուած մթնոլորտի մը մէջ, ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ սրբազաններու ժողով մը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Այսպէսով տեղապահը Գերմանիայէ վերադարձին մանրամասնօրէն վերահասու դարձաւ իր բացակայութեան օրերուն կուսակալութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած նիւթերուն, փոխանցուած պատգամներուն։ Այդ հանդիպման լոյսին տակ Նախաձեռնարկ մարմնէն հրաժարած ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչի եւ միւս չորս ժողովականներու հրաժարականներն ալ արդէն նօտարի միջոցաւ պաշտօնապէս հասած են Պատրիարքարան։ Այսինքն, տեղապահ սրբազան հայրը իր վերադարձին վերահասու դարձած է այդ բոլորին։ Սրբազաններու երէկուան ժողովին ընթացքին շօշափուած են պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիէ դուրս բերելու համար անհրաժեշտ քայլերը եւ լուծման եզրերը հաշուի առնուած են առարկայականօրէն։ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները իրարու պարզած են իրենց տեսակէտները՝ խոշորացոյցի տակ առնելով այն կէտերը, որոնց պարագային անոնք համակարծիք են կամ տարակարծիք։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամերուն ալ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ տեսակցած են Նախաձեռնարկ մարմնէն իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլի եւ Թադէոս Պէպէքի հետ։ Ներկայ էր նաեւ դիւանապետ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հինգ հոգիով սկսած այս խորհրդակցութենէն միջոց մը վերջ դուրս եկած են կրօնական ժողովի ատենապետը եւ դիւանապետը։ Տեղապահ սրբազան հայրը շարունակած է խորհրդակցիլ Սեպուհ Ասլանկիլի եւ Թադէոս Պէպէքի հետ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները առայժմ պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են տեղապահ սրբազան հօր վերադարձով պայմանաւորուած մթնոլորտի իրադարձութիւններուն կամ նախատեսուած աշխատանքային ժամանակացոյցին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017