ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՁԱՌՆԱՐԿ ՄԸ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդէս մը, որ ձօնուած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Այս ձեռնարկը սկիզբին ծրագրուած էր զուտ որպէս դպրոցական հանդէս, սակայն ստեղծած արձագանգին բերումով դուրս եկած էր այդ շրջագիծէն։ Ազնաւուրի ոգեկոչման այս երեկոյթը տեղի ունեցաւ Սեն Միշել ֆրանսական լիսէի սրահին մէջ։

Հաւաքոյթի բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։ Դպրոցէն աշակերտներ ներկայացուցին Ազնաւուրի կենսագրականը, ցոյց տրուեցան իր հետ կատարուած հարցազրոյցներէն հատուածներ։ Յայտնի դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլուն ալ ընթերցեց Ազնաւուրի յատկանշական հարցա-զըրոյցներէն մէկուն կարգ մը բաժինները։ Աշակերտները խմբերգի ձեւաչափով ներկայացուցին Ազնաւուրի գործերէն նմոյշներ՝ երաժըշ-տութեան ուսուցչուհի Սեսիլ Գահվէճիօղլուի մականին ներքեւ։

Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ Ազնաւուրի մահէն վերջ պոլսահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած զանազան գրութիւններ։ Այս բաժնին մէջ ներկաներուն խօսք ուղղեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Արեւիկ Պապայեան, որ գրի առած էր յուզիչ յօդուած մը։ Նոյն ծիրին մէջ ընթերցուեցաւ նաեւ թերթին սիւնակագիր Սագօ Արեանի կողմէ ստորագրուած գրութիւնը։

Ձեռնարկի կազմակերպչական, բեմադրական ու գեղարուեստական պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Ասլին Տիշճի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018