ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ, ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ

Վերջերս հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու համակրելի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընարը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան պոլսահայ երաժշտական միջավայրէն հասած վառ դէմքերէն մին է եւ վերջին շրջանին յարատեւ վերելք կ՚արձանագրէ երաժշտական բնագաւառէն ներս։

Խմբագրատունս տուած այցելութեան ընթացքին Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընար մեզի զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին շրջանին ծաւալած աշխատանքին եւ մօտաւոր ապագային նախատեսած գործունէութեան համար։ Մինչ երաժշտասէր շրջանակներու ուշադրութենէն արդէն չի սպրդիր Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընարի արձանագրած յաջողութիւնները, ան այս բոլորէն ոգեւորուած՝ ներկայիս կը թիրախաւորէ նորանոր նուաճումներ։

Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընար վերջերս այցելած է Հայաստան եւ Երեւանի մէջ տուած է երկու համերգ։ Ձեռնարկներէն մին տեղի ունեցած է «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ, իսկ միւսը՝ «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ։ Իրեն նուագակցած է մեր համայնքէն այլ արժէքաւոր արուեստագէտ մը՝ Էտվին Կալիպօղլու։ Երեւանի այս երկու համերգներն ալ ստեղծած են լայն արձագանգ։ Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընարի երգացանկը բաղկացած էր հայկական եկեղեցական երաժշտութեան նմոյշներէ։ Ան ուրոյն ոճով մեկնաբանեց շարականներ, մեղեդիներ եւ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Ան իսկապէս նոր շունչով մը կը մատուցէ մեր հոգեւոր երաժշտութեան այնքան սիրուած գործերը եւ ունկնդիրները իրեն շնորհիւ նորովի կը ներթափանցեն անոնց խորհուրդին։ Այսպէսով, Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընարի դէպի Հայաստան ուղեւորութիւնը պսակուած է փայլուն յաջողութեամբ։

Միւս կողմէ, Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընար շուտով պիտի ունենայ նաեւ ուրիշ կարեւոր ձեռքբերում մը։ Այսպէս, Kalan հաստատութիւնը կը պատրաստուի թողարկել անոր առաջին սկաւառակը։ Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընար այս ալպոմին մէջ մեկնաբանած է ինն հոգեւոր երգ։ Վստահաբար այդ ձայնասկաւառակը իր երաժշտական գործունէութիւնը պիտի դնէ նոր հարթութեան մը վրայ եւ համակրելի մեներգչուհիին առջեւ պիտի ուրուագծէ նոր հորիզոններ։

Նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ կը մաղթենք Լիտա Քէօսէօղլու-Էրփընարին։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019