ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ՏՈՂԱՆՑՔ

Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը կը շարունակէ գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսանալ։ Հրատարակչատունը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, ուստի յոբելենական շրջանին տաղաւարին շուրջ կը տիրէ ա՛լ աւելի եռանդուն ու ոգեւոր մթնոլորտ։

Երէկ, «Արաս»ի տաղաւարին մէջ գրասէրներուն համար իր գիրքերը մակագրեց գրող Իւմիտ Պայազօղլու։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023