ԵՐԱԺՇՏԱՏՕՆ
Երէկ երեկոյեան մեր համայնքի գեղարուեստասէրները ապրեցան երաժշտատօն մը՝ մեր համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի հերթական համերգին առթիւ։ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ երեկոյթը, որու յայտագիրը ձեւաւորուած էր 2015 թուականի մթնոլորտին համահունչ։ Պարթեւ Կարեան ունկնդիրներուն այնպիսի երգացանկ մը հրամցուց, որ անոնք թէ՛ հաղորդ դարձան տարուան խորհուրդին եւ թէ ցնծացին իր կատարումներով։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ մեր համայնքէն հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Ձեռնարկի հովանաւորն էր մեր յայտնի բարերարներէն Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Արեւ Կարեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ երեկոյթը, որու ընթացքին դահլիճը լեցուն էր ամբողջութեամբ։ Պարթեւ Կարեան հանդէս եկաւ «Առագաստ» նուագախումբի եւ «Նեֆեսլիլէր» խումբին նուագակցութեամբ։ Թեքնիկ պատասխանատուութիւնները ստանձնած էին Ռոպէր Տողանայ եւ Արի Հէրկէլ։ Երեկոյթի իւրաքանչիւր քայլափոխին Պարթեւ Կարեան տարբեր զգացումներ առթեց հանդիսատեսներուն, որոնք հերթական անգամ ջերմ համակրանքի առարկայ դարձուցին զինքը։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ Մարալ Չափան Աթամանի մեներգներն ու Պարթեւ Կարեանի հետ զուգերգները։ Ձեռնարկի տեւողութեան ներկաները պարերով ալ մասնակցութիւն բերին ոգեւոր պահերուն։
Համերգի աւարտին Պարթեւ Կարեան արժանացաւ որոտնդոստ ծափահարութիւններու՝ հերթական անգամ արդարացուցած ըլլալով իր վրայ դրուած յոյսերը եւ հայ երաժշտութեան նկատմամբ ունեցած նուիրումը, տարիներէ ի վեր շարունակաբար։