ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Գալֆաեան Տան երդիքին տակ ընկերամշակութային ձեռնարկները շարունակուեցան վերջին շաբաթներուն։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ կազմակերպուած էր յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի առաջնորդութեամբ։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հայ մշակոյթի շաբթուան շրջանին խումբ մը գալֆաեանցիներ այցելեցին նաեւ անմահ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, որ կը գտնուի Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ։ Տղաքը առաջնորդեցին Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ հայերէնի ուսուցչուհի Սիւզան Ավճը։ 

Գալֆաեանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ հանդէս մը, որու ընթացքին կրթական մշակներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Թամար Ներկիզ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017