ՍԱՍՏԻԿ ՊԱՂԱՌՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն դարմանման տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութիւնը կը տառապի պաղառութենէ։ Կատարուած են անհրաժեշտ բոլոր բժշկական քննութիւնները, որոնց հիման վրայ յայտնի դարձած է, որ ան վարակուած է կրիփէ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ներկայիս ապաքինման շրջանը կը բոլորէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի առանձնասենեակին մէջ։

Արագ ապաքինում կը մաղթենք տեղապահ սրբազան հօր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017