ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Մետենիյէթ համալսարանի Գեղարուեստի, ծրագրաւորման եւ ճարտարապետական ֆաքիւլթէի թրքական երաժշտութեան բաժնի դասախօսներ տոց. տքթ. Սամի Տուրալը, որուն կ՚ընկերանային նոյն բաժնէն՝ տքթ. Էրտալ Քըլըճ եւ Սեմիհ Էօզտեմիր։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան։

Հիւրերէն տքթ. Էրտալ Քըլըճ, որ նախապէս որպէս փոխ-տնօրէն պաշտօնավարած էր Կեդրոնական վարժարանի մէջ եւ իր պաշտօնավարած տարիներուն յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած՝ հայերէնի նկատմամբ եւ ուսուցչուհի Շողեր Չափարեանի առաջնորդութեամբ սկսած էր հայերէնի ընտելանալ։ Իր ձեռք բերած փորձառութեամբ պատրաստած էր արեւմտահայերէնի ուսուցման գիրք մը եւ անոր անգլերէն տարբերակը։ Բաց աստի, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճուի առաջարկին ընդառաջելով՝ նկատի ունեցած էր հոգելոյս երաժշտապետ Եղիա Տնտեսեանի «Տարերք երաժշտութեան» գիրքը, որ յատկապէս պատրաստուած էր Համբարձումեան ձայնագրութիւն ուսանելու համար։ Էրտալ Քըլըճ հայերէն լոյս տեսած գիրքէն իր դասախօս ընկերներով պատրաստած է «Müziğin Unsurları» խորագրեալ գիրքը, բացատրական թարգմանութեամբ եւ զարգացած՝ գիտական ցուցակներով եւ յաւելեալ տեղեկութիւններով։ Այս աշխատասիրութիւնը կը պարունակէ նաեւ Եղիա Տնտեսեանի «Տարերք երաժշտութեան» գիրքի նմանատիպը։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը երիտասարդ դասախօսներէն տեղեկութիւն ստացաւ իրենց տարած գիտական աշխատութեանց մասին եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ մանաւանդ՝ իր զբաղմանց առընթեր հայերէն սորված եւ այս մասին ուղեցոյց գիրք պատրաստած տքթ. Էրտալ Քըլըճի աշխատութեան նկատմամբ։

Պատրիարքարանի երդիքին տակ շուրջ մէկ ժամ տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հիւր դասախօսները ունեցան գաղափարի փոխանակումներ, որոնք առընչուած էին երաժշտական ու գրական մարզէն ներս արձանագրուած յաջողութեանց։ Սրբազան Պատրիարք Հայրը իրենց յայտնեց, թէ որեւէ հարցումի մը պարագային կրնան դիմել Պատրիարքարան եւ կարելիութեանց սահմաններուն ներքեւ ստանալ՝ պատշաճ բացատրութիւններ, ի մասնաւորի հայ եկեղեցական երաժշտութեան մասին։

Հիւր դասախօսները Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ իր սուղ ժամանակը տրամադրեց զիրենք ընդունելու համար եւ մանաւանդ գնահատեց ու քաջալերեց զիրենք։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021