Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԵՐԿԱՆԵԱՆ՝ ԱԼՃԱՆԻ ՀԻՒՐԸ
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան այցելեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը։ Արէտ Երկանեան կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ ներկայացուցիչի գրասենեակի բացման հաւաքոյթին։ Հետեւաբար, ան յապաղումով փութաց Թորոս Ալճանի այցելութեան։ Կը հաղորդուի, որ Թորոս Ալճան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Արէտ Երկանեանը, որու հետ զրուցեց արդի խնդիրներու շուրջ ու լսեց անոր մեկնաբանութիւնները։ Արէտ Երկանեան մաղթեց, որ Թորոս Ալճան յաջողութեամբ շարունակէ իր պաշտօնը։
Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024