ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ
Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը՝ մասնակցութեամբ յայտնի դերասան Միւժտատ Կեզէնի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ։
Երեկոյթի ընթացքին Միւժտատ Կեզէն անդրադարձաւ օսմանեան շրջանին երկրէն ներս թատրոնի հիմքերուն դրուած ժամանակ հայոց կողմէ բերուած մեծ նպաստին։ Հանրապետական շրջանին հասած յարաբերաբար աւելի սակաւաթիւ հայ դերասաններուն մասին ալ խօսեցաւ Միւժտատ Կեզէն, որ հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ յագեցուց նաեւ ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը։ Իր ուրոյն ոճով Միւճտատ Կեզէն զուարթ մթնոլորտի մը մէջ յառաջ տարաւ երեկոյթը, որու աւարտին Տատեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Ասլին Ուստաարամօղլու յուշանուէր մը յանձնեց իրեն։