ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՍԻՐԵԼԻ ԱՒԱԳ ՏԷՐ ԵՂԲՕՐՍ ՀԵՏ

Սիրեցեալ աւագ եղբայր, հասաւ այն պահը որուն մասին ամէն առթիւ նուաստիս կ՚ըսէիր. «Եթէ ես վախճանիմ, իմ դամբանականս քեզմէ զատ խօսելիք մէկը չկայ»։ Բնականաբար այս խօսքը կ՚ըսէիր շեշտելու համար մեր ռւնեցած վաղեմի բարեկամութիւնը, յատկապէս Գումգաբուի շրջանակին մէջ, դուն որպէս աւագերէցը Մայր եկեղեցւոյ եւ ես համեստ ծառայողը Պատրիարքական Աթոռին։

Այս տողերը գրի կ՚առնուին տամկացած աչքերով։ Պարզ ձեւականութիւն մը չէ այս բառերու արտասանութիւնը, ինչպէս ոմանք կրնան այդպէս ընկալել։

Սիրելի Տէր Եղբայր,

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնավարութեանդ ընթացքին յաճախ անկարելին կարելիի վերածեցիր, մանաւանդ երբ հարցը կապուած էր առանց նիւթականի բան մը յաջողցնելու կամ ապահովելու կապակցութեամբ։ Սիրելի Տէր Հայր, քու միջնորդութեամբ յաճախ բացուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արդէն օժանդակութեան կարօտ սնտուկը, ապահովելու համար Հայաստանէն քաղաքս գաղթելով առժամեայ կայք հաստատած մերազնէից ճանապարհի եւ յաճախ ալ դարմանման ծախսերը։

Սիրելի Տէր Եղբայր,

Ինչպէս յաճախ կը յիշէիր ըսելով՝ «Մենք ուսեալ քահանայ չենք»։ Իրաւ է, դուն ո՛չ վանք տեսար եւ ոչ ալ քահանայական լսարան։ Այս եկեղեցին առանց այդ միջոցները ապահովելու քեզի այս ժողովուրդի հովուութեան կոչեց։ Սակայն բան մը կար, որ դուն տեսած էիր մեր երբեմնի հոգելոյս քահանայ հայրերը ու վայելած՝ անոնց հայրական հոգածութիւնը։ Բան մը եւս կար, որ ժամանակի ընթացքին բիւրեղացաւ քու կեանքիդ մէջ։ Այդ, քու ժողովուրդիդ նկատմամբ ունեցած սէրդ էր, որուն շնորհիւ անկարելիները կարելիի վերածուեցան։

Միշտ կը յիշեմ, թէ ինչպէս կրցանք քեզի հետ յաջողցնել այն հայ երիտասարդուհին իր զաւկին հետ իր ընտանեկան յարկին վերադարձնել, զինքը փրկելով ստոյգ անբարոյական վիճակի մը մատնուելէ։ Շատերու անծանօթ է այս ընտանիքին ոդիսականը։ Սակայն այսօր կը յիշեմ զայն սեղմ տողերու մէջ, որուն մէջ եւս դուն յայտնուեցար հայրագորով սրտի բաբախումովդ։ Այս մէկը այն անկարելիներէն մէկն էր, որ կարելիի վերածուեցաւ, հոգ չէ թէ շատերու անծանօթ ըլլայ այդ։ Այդ ընել յաջողեցանք, որովհետեւ քու անձիդ մէջ յայտնուած էր ընտանիքի իրաւ եւ արժանաւոր հօր մը տիպարը։ Այդ գիծդ ծանօթ էր բոլոր անոնց, որոնք քեզ կը ճանչնային։

Տակաւին ո՞ր մէկը յիշեմ։ Մեր բարեզարդեալ եկեղեցիներու համար պիտանի անօթներու կամ մատեաններու եւ սպասներու նորոգութեան համար ցուցաբերած հետաքըրք-րութի՞ւնդ։ Նորոգութեան կամ բարեզարդման համար ի պահանջել հարկին բարերարնե՞ր ճարելդ։ Շատերու անտարբեր կեցուածքը, հետաքրքրութեան ճանապարհի՞ն առաջնորդելդ։ Մեր գաւառի եկեղեցիներուն նկատմամբ ցուցաբերած հայրական խնա՞մքդ։ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերակառուցման եւ պաշտամունքի վերաբացման համար տարած անձնդիր ծառայութի՞ւնդ։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ բարեզարդման համար ջանքե՞րդ։ Նոյնիսկ վերջերս Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ փուլ եկած արտաքին շրջապատերու նորոգութեան համար բարերար ճարե՞լդ։ Տակաւին ականջներուս մէջ է քու հայրական ձայնդ, որ կ՚ըսէիր. «Գաւառի մեր ժողովուրդին հետ հետաքրքրուելու կարեւորութիւնը սրբազան աւանդ է Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն։ Անտես մի ընէք զանոնք»։ Հիւանդ անկողնիդ մէջ արտասանեցիր այս խօսքերը, որոնք դարձեալ արդիւնքներն են քու հայրական սիրոյդ եւ փոխադարձաբար այդ ժողովուրդին ցուցաբերած սիրագորով եւ երախտագէտ կեցուածքին։

Սիրելի Տէր Եղբայր, խոստովանանքի աղօթքին մէջ մեր կարդացած բառերը պիտի օգտագործեմ զանոնք պատշաճեցնելով քու ծառայասէր կեանքին։ «Ո՞ր մէկը ըսեմ, ո՞ր մէկը խոստովանիմ։ Որովհետեւ անթիւ են քու բարի գործերդ, որոնք ծանօթ են մեր Երկնաւոր Հօր»։

Փառք Աստուծոյ, որ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին, Ս. Պատարագէն յետոյ, որդւոյս՝ Հայր Յարութիւնի հետ այցելելով անձնապէս հրաժեշտ առինք քեզմէ, աղօթելով որ Աստուած փարատէր ցաւերդ։

Ի վերջոյ Աստուծոյ օրհնեալ կամքը իրականացաւ։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին հոգիդ աւանդեցիր մեր Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։

Բարի երթ քեզի սիրելի աւագ եղբայր։ Գնա՛, միացիր այն բոլոր հոգեւոր սպասաւորներուն, որոնք նախանձախնդրութեամբ ծառայեցին մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին։

Միշտ պիտի մնանք աղօթող քու հոգւոյդ խաղաղութեանը համար։ Պիտի աղօթենք, որ Աստուած երկնային կայքերու մէջ հանգստեան արժանացնէ հոգիդ։ Դուն ալ երկնային կայքերուն մէջ շարունակէ աղօթել մեզի համար, ինչպէս աղօթակից էինք Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Սեղանին առջեւ։

Աստուած Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ մեզի միշտ սիրելի եւ յարգելի Երէցկին Քրոջ, զաւակներուդ, թոռնիկներուդ եւ հոգեւոր եղբայրներուդ։

Միշտ սիրով ու աղօթքով։

Կրտսեր եղբայրդ՝

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018