ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՋԱՆՔԵՐ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս համակարգուած ջանքեր կը գործադրուին աղէտալի երկրաշարժէն վերջ սկսած օժանդակութեան արշաւի շրջանակին մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը եւ մեր եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմինները արտասովոր աշխատանք կը տանին աղէտեալներուն օժանդակութիւն փութացնելու համար։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ անձամբ կը հետեւի այս աշխատանքներուն եւ իր օրհնութիւնը կու տայ մեր համայնքի այն կամաւորներուն, որոնք ներգրաւուած են սոյն նախաձեռնութեան։
Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիները, ուր անձամբ ծանօթացաւ աղէտեալներու համար տարուած աշխատանքի ընթացքին։ Մեր այս չորս հայահոծ թաղերէն ներս Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներու եւ աղքատախնամ մարմիններու պատասխանատուներու կողմէ։ Ան այս այցելութիւններուն ընթացքին ականատես եղաւ համայնքի կամաւորներուն կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան ու նախանձախնդրութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ համայնքէն ներս տարուած աշխատանքի ծաւալին շուրջ եւ քննեց այժմու թափը՝ արդիւնքը աղէտեալներու ծով կարիքներուն դիմագրաւման տրամադրելու պրիսմակէն։ Երէկուան բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ վկայեց, թէ այս ծանր օրերուն համայնքի անդամները տրամադրուած են սիրայօժար իրենց օժանդակութիւնը բերելու բազմահազար աղէտեալներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութեամբ ընդգծեց թէ՛ նուիրատուներու եւ թէ մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ու աղքատախնամ մարմիններու կամաւորներուն տեսած գործին մեծ նշանակութիւնը։ Ան մասնաւորապէս գնահատեց, որ բոլորը որդիաբար ընդառաջած էին Պատրիարքական Աթոռի կոչին եւ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մարդասիրական այս նուիրական նախաձեռնութեան։
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի եւ զանազան թաղերու աղքատախնամներու գործակցութեամբ ստեղծուած կեդրոններու մէջ կը հաւաքուին աղէտեալներու համար նուիրուած գոյքերը, կը քննուին, կը դասաւորուին, կը ծրարուին՝ աղէտի գօտի ուղարկուելու նպատակով։