ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացէն ներս այսօր կը նախատեսուի կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն՝ ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը կը շարունակէ բոլոր պատշաճութիւնները նկատի առնելով յառաջ տանիլ նախապատրաստական աշխատանքները։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ չորեքշաբթի՝ փետրուարի 8-ին վերջացած էր թէ՛ թաղերու մէջ հրապարակուած ընտրական ցուցակներու կատարելագործման եւ թէ թեկնածութիւններու առաջադրման ժամկէտը։ Այս բոլորէն վերջ հաւաքագրուած տուեալները եւ կատարուած դիմումները արդէն անմիջապէս արժեւորման ենթարկուեցան ընտրական մարմնին կողմէ։

Մինչ այդ, թէ՛ ընտրողներու ցուցակները եւ թէ թեկնածուական ցուցակները այսօր կը յղուին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղին։ Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութիւնն ալ յառաջիկայ օրերուն անհրաժեշտ արժեւորումներէ եւ քննութիւններէ պիտի անցընէ այդ բոլորը։ Այս աշխատանքին համար կը նախատեսուի շուրջ մէկ շաբթուան կամ առ առաւելն տասն օրուան ժամանակաշրջան մը։ Հարկ է նշել, որ թէ՛ ընտրողներու ցուցակը եւ թէ առաջադրուած թեկնածութիւները վերջնական պիտի համարուին՝ պետական պատկան իշխանութիւններու համապատասխան վաւերացումէն վերջ։

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած են վեց խումբեր։ Այսպէս, մեր համայնքէն Շէյտա Երկանեան-Նանեանի, տքթ. Թագւոր Անանի, Աքսել Թոփալեանի, Արէտ Աքփոլատի եւ Ասլան Կիւնէրի կողմէ առաջադրուած են թեկնածուական ցուցակներ, որոնց վրայ կու գայ աւելնալ այժմու թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմի կողմէ գլխաւորուած կազմը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը նախատեսուած է մարտի 12-ին։ Ըստ ընտրական կանոնադրութեան, քուէարկութեան համար ճշդուած թուականէն՝ այս պարագային մարտի 12-էն 21 օր առաջ ընտրական մարմինը արդէն տուեալ վաքըֆի կեդրոնատեղիին մէջ պէտք է հրապարակած ըլլայ թէ՛ ընտրողներու ցուցակին վերջնական տարբերակը եւ թէ առաջադրուած թեկնածուներու ցանկը։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023