ՔՈՒՐՈՒՄԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Մուրատ Քուրումի երէկուան Գումգաբու այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ հիւրընկալուած քաղաքապետի թեկնածուն լուրջ յաւակնութիւնով կը պատրաստուի յառաջիկայ մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն։ Գումգաբուի երէկուան հաւաքոյթը լայնօրէն համախմբեց համայնքային շրջանակները, մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական այլ համայնքներէն ներկայացուցիչներ։ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, ԱՔ կուսակցութենէն այլ երեսփոխաններ, քաղաքապետներ եւ կուսակցական պատասխանատուներ եւս միացան այս մթնոլորտին։ Մուրատ Քուրումի ելոյթին մէջ հնչած տեսակէտները բոլորի անմիջական ուշադրութեան արժանացան՝ մանաւանդ, որ ան խոստացաւ ընտրութիւններէն վերջ գործի գլուխ գալու պարագային աջակցութիւն ցուցաբերել երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան տեսակէտէ խնդրայարոյց համայնքային շէնքերու ամրապնդման աշխատանքներուն։ Սա էական նշանակութիւն ունէր՝ քանի թրքահայ համայնքէն ներս ներկայիս հրատապ հարց մըն է՝ մասնաւորապէս վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութիւնը։
Մուրատ Քուրում Գումգաբուի մէջ ընդգծեց, որ միշտ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կողքին են։ «Մենք ճանապարհ դուրս եկած ենք մեր այս բարեկամներուն հետ հասարակաց հայրենիքի, հասարակաց ապագայի եւ հաւասար քաղաքացիութեան սկզբունքով», ըսաւ ան։