«ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀԵՏ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
«Չըփլաք այաքլար» պարախումբը երէկ անգամ մը եւս բեմադրեց «Ճանապարհորդութիւն Կոմիտասին հետ» պար-ներկայացումը։ Գատըգիւղի «Մոտասահնէսի»ին մէջ կայացաւ երէկուան ձեռնարկը, որու ընթացքին պարախումբին երկսեռ անդամները՝ Միհրան Թովմասեան, Տույկու Կիւնկէօր, Պիւշրա Ֆիրիտին, Ասլը Էօզթիւրք, Կոմիտասին կողմէ հիմնադրուած «Գուսան» երգչախումբին լուսանկարին ընդմէջէն պատկերացուցին մեծ վարդապետին եւ հայ ժողովուրդին ոդիսականն ու ողբերգութիւնը, ցրուածութիւնը։ Ներկայացման երաժշտական բաժինը ապահովեցին դաշնակահար Այշէ Թիւթիւնճիւ, ջութակահար Մելիքճան Զաման եւ սրնգահար Սըլա Կերպաղա։ Կոմիտասի երաժշտութեան եւ իր կեանքի ներշնչումով ճամբայ ելած են արուեստագէտները, օգտագործելով տարբեր իրեր՝ նամակներ, լուսանկարներ, եւ անոնց այս ներկայացումը կ՚արժանանայ հանդիսականներու ուշադրութեան։
Ներկայացումին հովանաւորն է «Անատոլու քիւլթիւր»։