ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը սաներ, առաջնորդութեամբ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի ու կենսաբանութեան ուսուցչուհի Նաթալի Պենլիօղլուի, Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ այցելեցին Ֆէրիգիւղի լատինաց գերեզմանատունը՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու արեւմտահայ գրականութեան յառաջատար կին գրողներէն, կանանց իրաւունքներու պաշտպան Սրբուհի Տիւսաբին, որ կը ննջէ այստեղ, իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Տիւսաբի շիրմին մօտ ելոյթ մը ունեցաւ Սեւան Տէյիրմենճեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Տիւսաբին գրական ու հանրային գործունէութիւնը, տեղեկութիւններ փոխանցելով Կանանց օրուան եւ պոլսահայ կանանց շարժումներուն մասին։
Տիւսաբի շիրմին տրուած այս այցելութենէն ետք, մխիթարեանցի սաներ շրջեցան լատինաց գերեզմանատունը։ Իրենց համար յատկապէս հետաքրքրական էր տեսնել Խրիմի պատերազմին, Առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ Պոլսոյ գրաւման տակ գտնուած օրերուն նահատակուած իտալացի ու ֆրանսացի զինուորականներուն շիրիմներն ու յուշարձանները։