ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տա­րի 22-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած նար­տի մրցա­շար­քին ա­ւար­տա­կա­նը։ Հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քին ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ Ա­ւե­տիս Տե­միր­ճի, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին՝ Մու­րատ Պալ եւ Եըլ­մազ Եափ­սաք­լը։

Մէ­կու­կէս ա­միս տե­ւե­ցին խա­ղե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատ­րում։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին՝ յա­նուն միու­թեան վար­չու­թեան, ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ եւ Ար­տա Մե­լէք, ինչ­պէս նաեւ հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի որ­դին՝ Պատ­րիկ Կիւն­թէր։

Ծա­փող­ջոյն­նե­րու մի­ջեւ յա­տուած կար­կան­դա­կը բնո­րո­շեց հեր­թա­կան մրցա­շար­քին ա­ւար­տը։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016