ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ
Աղէտալի երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել աղէտեալներուն ի նպաստ օժանդակութիւններու կազմակերպումը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Այս վերջինը Գումգաբու փութացած էր ի դէմս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւն յայտնելու եւ կատարելու տխուր պարտականութիւն մը։ Այսպէս, Սահակ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան անունով նուիրատուութիւնով մը մասնակցեցաւ՝ աղէտի գօտիին եւ աղէտեալներուն ի նպաստ կազմակերպուած օժանդակութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ աղէտի գօտիի մեր ժողովուրդի եւ սրբավայրերու կացութեան մասին։ Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Սահակ Սարգսեանի այցելութեան եւ իր օժանդակութիւնով մարմին գտած զգայնութեան համար։
Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կ՚այցելէ աղէտի գօտի։ Այս առաւօտ ան Իսթանպուլէն հրաժեշտ առաւ՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջին իսկ օրէն փափաքած էր այցելել աղէտի գօտի, սակայն այդ քայլին համար որոշած էր սպասել յարմարագոյն պահը։ Այժմ, այս առաւօտ ան օդային ճամբով մեկնեցաւ Ատանա, ուրկէ կ՚անցնի Հաթայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս վայրերուն մէջ կ՚այցելէ մեր համայնքի անդամներուն ու եկեղեցիները, տեղւոյն վրայ ականատես կը դառնայ կացութեան, կը ցաւակցի անոնց եւ կը ջանայ մխիթարել աղէտեալները։ Նորին Ամենապատուութիւնը վաղը պիտի հանդիպի նաեւ Մերսին, ուր պիտի մէկտեղուի մեր համայնքի այդ քաղաքի բնակիչ անդամներուն հետ։ Նոյնպէս Ատանայի ճամբով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը երեկոյեան պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։