Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի տօնակատարութիւն, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ նախ կատարուեցաւ տնօրհնէքի կարգ, Ս. Փրկիչ մատրան հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի առաջնորդութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
Աւելի վերջ բոլորը համախմբուեցան նոյն դահլիճի երդիքին տակ սարքուած տօնական սեղաններուն շուրջ։ Տէր Հայրը օրհնեց նաեւ սեղանը, որու մասնակիցները միասնաբար ըմբոշխնեցին Ս. Զատկի ուրախութիւնը։ Ներկայ էին հոգաբարձութեան անդամներ, բժշկական կազմէն անդամներ, պաշտօնէութիւնը, տիկնանց կազմը եւ մնայուն բնակիչները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առթիւ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը, որու ընթացքին տօնական բարեմաղթանքներ յղեց հաստատութեան ընտանիքին։
Ս. Զատկի հաւաքոյթին ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Մեներգներ կատարեց Նարօտ Տէմիրճիօղլու, որուն նուագակցեցան Մանուկ Համբարեան եւ Սերէն Քուլօղլու։