ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԷՆ ԿՈՉ

Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը նուիրատուութիւն մը ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բարգաւաճման համար։ Երկանեանները մեզի յայտնեցին, որ այս տարուան համաճարակի մթնոլորտին մէջ չեն փափաքած իրենց աւանդական շնորհաւորականի հրատարակուիլը՝ ենթադրելի պատճառներով։ Միեւնոյն ժամանակ, Երկանեանները նշեցին, որ իրենց նուիրատուութիւնը ունի մասնաւոր պատգամ մը եւ կը զուգորդուի կոչով մը։ Ներկայիս ԺԱՄԱՆԱԿ-ին եւ համայնքային մամուլին հասկնալիօրէն մեծ դժուարութիւններ եւ անխուսափելի զոհողութիւններ բաժին կը հասնին։ Տօնական առիթով իրենց նուիրատուութիւնը ունի զօրակցութեան բնոյթ եւ Երկանեանները կոչ կ՚ուղղեն ամբողջ համայնքին, որպէսզի առկայ դժուար վիճակին մէջ բոլորը զօրակցութեան առարկայ դարձնեն թերթս։   

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020