ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԹՌԻՉՔ

CURATED պարբերաթերթը աշխարհահռչակ ոսկերիչ վարպետ Սեւան Պըչաքճըի ստեղծագործական թռիչքներուն անդրադարձած է իր վերջին՝ 2020 թուականի գարնան համարին մէջ։ Սեւան Պըչաքճըի հետ հարցազրոյց մը կատարած է Էլիֆ Պայրամ։ Տեսակցութիւնը հրատարակուած է վառ դրուագներով, որոնք լուսանկարուած են Մայքըլ Շոէնկրամի կողմէ։ Մեծանուն վարպետի ծաւալած գործունէութիւնը բարձր գնահատանքով ու դրուատիքով մատուցուած է այս նիւթին մէջ, ուր կը շեշտուի, որ Սեւան Պըչաքճը ինքնուրոյն ոճով կը միահիւսէ պատմութիւնը, ճոխութիւնն ու նրբութիւնը։

Իր արհեստի ճանապարհորդութիւնը պատմելու ժամանակ Սեւան Պըչաքճը նախ յարգանքով վերյիշած է իր առաջին վարպետը՝ Յովսէփ Չաթաքը, որու հետ աշխատիլ սկսած է 12 տարեկանին։ Ըստ Սեւան Պըչաքճըի, նիւթի մը, հեքիաթի մը թարգմանութեան նման գործ մը տեսնելէ աւելի՝ կը ջանայ այդ մէկուն իր մօտ ստեղծած արձագանգը, իր էութեան փոխանցած զգացումը արտայայտել գոհարեղէններու վրայ։ Ան կ՚ընդգծէ, որ Իսթանպուլի միջավայրն ալ իրեն անսահմանափակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ շփումներու, համադրութիւններու եւ մշակութային հարստութեան տեսակէտէ։ «Ըստ իս, աշխարհի ամենաբազմաշերտ տեղը Իսթանպուլն է ու կը փափաքիմ, որ իմ գոհարեղէնս ալ ճիշդ այդպէս ըլլայ», ըսած է Սեւան Պըչաքճը։

Հարցազրոյցին մէջ ան խօսած է նաեւ Գոց շուկայի ներկայ վիճակին մասին։ Վարպետը կ՚ընդգծէ, որ պատերը կը մնան նոյնը, սակայն ներքեւը՝ ոչ։ Գոց շուկան այսօր կը դիրքաւորուի՝ ըստ զանգուածային զբօսաշրջութեան ընթացքին։ Զարմանալի արագութեամբ կը կերպարանափոխուի՝ ըստ այցելուներու նախընտրութիւններուն։ Արհեստի բնագաւառներուն տեսակէտէ լուրջ յետադիմութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Կեանքի իրողութիւններուն քայլ յարմարցնելով Գոց շուկան հասած է այսօրուան կէտին։ «Իտէալական մօտեցումով, բնականաբար, համոզուած եմ, թէ Գոց շուկայի այսօրուան կացութիւնը արդարանալի չէ։ Ես կը մաղթէի, որ բաց թանգարանի մը նման ձեռք առնուէր եւ այնտեղ ձեռային վաստակը ներկայացուէր ամենաբարձր մակարդակի վրայ», ըսած է Սեւան Պըչաքճը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020