ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԳԾԱՖԻԼՄԵՐ
Գարակէօզեան Տան աշակերտները մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի չորրորդ մանկանց ու երիտասարդաց պիէնալին։ Ապրիլի 19-էն ի վեր ընթացքի մէջ է այս պիէնալին ծրագիրը, որ իր աւարտին պիտի հասնի Մայիսի 23-ին։ Գարակէօզեանի տղաքը այս շրջագծով ներկայացուցին իրենց կողմէ պատրաստուած երեք գծաֆիլմեր՝ հայերէնով եւ թրքերէնով։ Պէյօղլուի «Անթրեփօ 1»ի երդիքին տակ ցուցադրուեցան այդ գործերը։
Գարակէօզեանցիներուն կողմէ ներկայացուած գործերը ընդհանրապէս պտուղն էին դպրոցէն ներս իրականացուած «գծաֆիլմ-անիմասիոն»ի դասընթացքներուն։ Պիէնալին շրջագծով գարակէօզեանցիներուն կողմէ ներկայացուած գործերը արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։
Ի լրումն այս բոլորին, դպրոցի սաներէն Արեգ Պետիկեան եւ Թարա Զիլման պիէնալին շրջագծով իրականացուցին աշխատանոցի ձեւաչափով ցուցադրութիւն մը, որու ընթացքին հետաքրքիրներուն գործնական բացատրութիւններ տուին իրենց գծաֆիլմերու պատրաստութեան փուլերուն շուրջ։ Աշակերտներուն աշխատանքները վերահսկեց անիմասիոնի ուսուցչուհի Հավվա Քանկալ Էրտողան։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024