ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ս. Արքե­պիս­կոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ ըն­դու­նեց Ան­գա­րա­յի մօտ Գա­նա­տա­յի դես­պան Քրիս Քու­թը­րը, ո­րուն հետ էր նաեւ կո­ղա­կի­ցը։

Բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տը փու­թա­ցած էր տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այս այ­ցե­լու­թեան հա­մար եւ փո­խան­ցեց անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը՝ գա­նա­տա­ցի դես­պա­նի հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ նիւ­թե­րուն շուրջ։ Ան­մի­ջա­կան խօ­սակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017