ՇԻՇԼԻԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ԿԱԶՄԵՐԸ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՉՈՐՈՒՄԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ

Շիշլի մարզակումբը վերջերս ճատրակի մէջ ունեցած է շարք մը կարեւոր յաջողութիւններ։ 2017-2018 շրջանի Իսթանպուլի փոքրերու եւ աստղերու մրցաշարքերուն մէջ շիշլիցիները դասուած են դափնեկիրներու շարքին։

Փոքրերու դասաւորման մէջ Շիշլիի կազմը եղած է երրորդ։ Աստղերու դասաւորման մէջ ալ շիշլիցիները նուաճած են երրորդ հորիզոնականը։ Ակումբի կանանց կազմն ալ հանդիսացած է Իսթանպուլի երկրորդը։

Այս արդիւնքներուն հիման վրայ յաջորդ ամիս շիշլիցիները պիտի կարենան մասնակցիլ Թուրքիոյ փոքրերու եւ աստղերու առաջնութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Չորումի մէջ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018