ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու անդամներէն Յարութիւն Տավուլճեանը։ Ներկայ էին նաեւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչներէն Կարպիս Չափքանն ու Արի Չոլաքը։ Անոնք Պատրիարքարան փութացած էին՝ Նորին Ամենապատուութեան զանազան նիւթերու մասին տեղեկութիւն տալու նպատակով։
«Մարալ»ի վարիչները յայտնեցին, թէ վերջերս իրենց եւ Գարին Պոզքուրթի մասնակցութեամբ իրականացած հանդէսի եկամուտէն ծախսերու զեղչումով մնացած գումարը, որ կը կազմէ 65 հազար լիրա, պիտի յատկացնեն Վաքըֆլըգիւղի երկրաշարժի վնասներու վերացման ու կարիքներու դիմագրաւման։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ընտրութեան, ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն վնասուած գաւառի աղէտահար մեր ժողովուրդին վերականգնման ի նպաստ կատարուած նուիրատուութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, թէ նման պարագաներուն կարեւոր է իրերօգնութիւնը եւ ընկերային օժանդակութիւնը։ Ան օրհնելով գնահատեց ցուցաբերուած զգայնութիւնն ու նպաստը։