ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Աննպաստ եղանակին հետեւանքով Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, այլապէս այդ մէկը նախատեսուած էր Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ բացօթեայ ձեւաչափով։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զօրհապ Քհնյ. Ճիվանեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն եւ զանազան յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողները եւ հիւրեր։ Երեկոյթի սկիզբին տղաքը հաւաքաբար մուտք գործեցին սրահ եւ պարով մը ողջունեցին ներկաները։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ դասարանի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի ողջոյնի խօսքով։ Աւելի վերջ շնորհաւորական արտայայտութիւններով հանդէս եկան նաեւ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ժանէթ Արծիւեան եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշ։ Շրջանաւարտներուն վկայականները եւ յուշանուէրները յանձնուեցան ծափահարութիւններու եւ գնահատանքի մթնոլորտի մը մէջ։ Յաջողագոյն շրջանաւարտներուն համար թաղային խորհուրդին եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի այլ օղակներուն կողմէ նախատեսուած էին յաւելեալ յուշանուէրներ։ Աշակերտները եւ ամբողջ ներկաները զիրար շնորհաւորեցին եւ իրարու մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։ Վկայականները ստանալու ժամանակ կարգ մը աշակերտներ ալ ներկաներուն հետ բաժնեցին իրենց զգացումները, ունեցան հրաժեշտի առթիւ արտայայտութիւններ։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ ընթացաւարտներուն ի պատիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան իրարու հետ։ Երաժշտական յայտագրին գործադրութիւնը կատարուեցաւ Արաս Մանուկեանի կողմէ։ 

  

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017