ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ու Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նախարարութեան քաղաքական հարցերով խորհրդակցական մարմնի անդամներէն դեսպան Մուրատ Սալիմ Էսենլի եւ Հետազօտական ու անվտանգային բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն դեսպան Նեւզատ Ույանըք։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարար Չավուշօղլու ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ արտայայտուեցաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին։ Ան շեշտեց, որ կը ձգտին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Նախարարը այս առումով ընդգծեց, որ կրօնականներ յաճախ քաղաքագէտներէն աւելի ազդու կրնան ըլլալ հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ, երբ աշխատանքներ կը տարուին երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան համար։

Չավուշօղլու հետաքրքրուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրով։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամփոփեց այս երկարաշունչ գործընթացի առկայ փուլը՝ տեղեկացնելով, որ նոր կանոնադրութեան նախագծի մշակումը եզրափակիչ հանգրուանի մէջ է։ Ան յոյս յայտնեց, թէ կանոնադրութիւնը ի մօտոյ կը հրապարակուի։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տեղեկացուցին, թէ Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մէկուն յոբելեանը ուրուագծուած է հորիզոնին վրայ։ Այսպէս, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առթիւ թէ՛ Հռոմի մէջ եւ թէ այլուր հայեր զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելու կը պատրաստուին՝ նշելու համար մեծանուն հայրապետի յիշատակն ու արժեւորելու համար անոր վաստակը։ Այս ամբողջին մէջ անոնք մատնանշեցին, որ մտադրութիւն գոյութիւն ունի ուխտագնացութիւն մը կազմակերպել դէպի Հռովմկլայ ու մերձակայքը, վայրեր, որոնք սերտօրէն առընչուած են սուրբ վարքին հետ։ Նախարար Չավուշօղլու այս բոլորը լսեց հետաքրքրութեամբ եւ գոհունակութիւն յայտնեց իր հետ բաժնուած մանրամասնութիւններուն համար։ Միեւնոյն ժամանակ, ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ի պահանջել հարկին խնդրոյ առարկայ ծրագրին նպաստելու ուղղութեամբ։

Նախարար Չավուշօղլու հետաքրքրուեցաւ նաեւ գաւառի մէջ վերանորոգուած հայկական եկեղեցիներու կացութիւնով։ Ան խոստացաւ Իսթանպուլի մէջ գտնուելու ժամանակ պատեհ առիթով մը այցելել Պատրիարքարան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նախարար Չավուշօղլուէն հրաժեշտ առնելէ վերջ հիւրասիրութեան հրաւիրուեցան դեսպան Մուրատ Սալիմ Էսենլիի բնակարանին մէջ։ Անոնք նոյն օրն իսկ վերադարձան քաղաքս։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022