ԱՅՏԱ ՔԱՅԱԷՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Այտա Քայաէր արդէն իր պաշտօնը փոխանցած է Թամար Ներկիզին։ Ան Գալֆաեանի ընտանիքէն հրաժեշտ կ՚առնէ յուզումնախառն զգացումներով։ Այտա Քայաէր այդ զգացումները կը բաժնէ նաեւ մեր ամբողջ համայնքին հետ՝ մամուլին ուղարկուած հակիրճ խօսքի մը միջոցաւ։
2012-2013 տարեշրջանին տնօրէնի պատուաբեր պաշտօնը ստանձնելով ան աշխատած է չորս տարի՝ բարեյիշատակ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի յիշատակը վառ պահելու սկզբունքով։ Այտա Քայաէր կ՚ընդգծէ, որ այս դպրոցը մեր համայնքի կարեւորագոյն կրթական հաստատութիւններէն մին է, որու հիմքը կը հանդիսանան սէրն ու զոհողութիւնը։ Այժմ արդէն նախկին տնօրէնուհին կը մատնանշէ, որ իր պաշտօնավարութեան շրջանին դպրոցը համարած է մեծ ընտանիք մը, ուր կը տիրէ սէրը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի՝ աշակերտներու ուսման վերելքին համար։ Այտա Քայաէր շեշտած է, որ պաշտօնավարութեան տարիները անմոռանալի դարձած են իրեն համար եւ երախտագիտական զգացումներով անդրադարձած է իր բոլոր գործակիցներուն, հաստատութեան խնամակալութեան եւ բարերարներուն։ Այտա Քայաէր «սիրոյ բոյն» որակած է Գալֆաեանը ու շեշտած է, որ կամքի անկախ պատճառներով կը հեռանայ անկէ։ Քայաէր միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն յայտնած է, թէ նորանշանակ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ նուիրումով ու գիտակցութեամբ պիտի շարունակէ պաշտօնը։ Ան աւելցուցած է նաեւ, որ միշտ սրտակից պիտի ըլլայ Գալֆաեան Տան։ Հաստատութեան յարակից մարմիններուն համար եւս շնորհակալութիւն յայտնելով՝ Այտա Քայաէր հրաժեշտի հանգրուանին ընդգծած է իր խոր սէրը մանաւանդ դպրոցի սիրելի աշակերտներուն համար։