ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Եսայի Տեմիրի։ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդին միացած էին եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին տեղապահ սրբազանը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին իր նոր պաշտօնին մէջ։ Ապա ըսին, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի 30 Սեպտեմբեր-1 Հոկտեմբեր թուականներուն։ Յառաջիկայ Հոկտեմբերի 1-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց հրաւիրեցին տեղապահ սրբազանը եւ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին նորին սրբազնութեան։

Տեղապահ սրբազան հայրը ընդառաջեց  խնդրանքը։ Ան, հետաքրքրուեցաւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հետ առընչուած խնդիրներով, որոնց մասին իր հայրական թելադրանքներն ու խորհուրդները փոխանցեց ներկաներուն։ Ան Սամաթիոյ ընտանիքին կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2017