Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կը մեկնի Վաքըֆլըգիւղ։ Նորին սրբազնութիւնը շաբաթավերջին կը նախագահէ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի Ս. Պատարագին եւ խաղողօրհնէքին հանդիսապետելու առընթեր, ընդհանուր փոխանորդը մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Վաքըֆլըգիւղի աւանդական խրախճանքին։ Արդարեւ, այս տարի դարձեալ վաքըֆլըգիւղցիները մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստեն աւանդական խարիսան, որու կաթսաները կը համարուին տօնական ոգեւորութեան խորհրդանշանը։

Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն եւ աւանդական խրախճանքին առթիւ այս շաբաթավերջին Վաքըֆլըգիւղ կ՚այցելեն նաեւ հոծ թիւով ուխտաւորներ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018