ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Տնօրէն խորհուրդի անդամներուն առընթեր ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները Գումգաբուի փութացած էին շնորհաւորելու համար Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը՝ պատրիարքական տեղապահ ընտրուելու կապակցութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին անոնք նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց մօտալուտ համարգին, ընդհանուր գործունէութեան եւ ծրագիրներուն շուրջ։

Տեղապահ սրբազանն հայրը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ երգչախումբի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանքները։

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019