ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն համար։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ քարոզին մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ծանր կսկիծին։ Ան ընդգծեց, որ աշխարհի հայութիւնը շարժման անցած է օժանդակութեան արշաւներ կազմակերպելու համար ու ժողովուրդը հրաւիրեց ընդառաջել Պատրիարքական Աթոռի համապատասխան կոչին։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ներկայ ծանր փուլին սա համարեց սրբազան առաքելութիւն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020