ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ

Գնալը կղզիի մէջ «Մենք երգենք, մենք պարենք» նախագծի ծիրէն ներս կազմակերպուած համերգաշարը կը շարունակուի խանդավառ մթնոլորտով։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ այս համերգաշարի հերթական փուլը։ Ռաք եւ փոփ երաժշտութեան այս երեկոյթը առարկայ դարձաւ բոլորի հետաքրքրութեան։ Ներկաներու շարքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան եւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան։ Յայտագրի տեւողութեան հանդէս եկան «Մանէ եւ Առէն Պենտ», «Հայլայֆ» եւ «Սոլանում» խումբերը։

Երեկոյթի ընթացքին երիտասարդ երաժիշտներուն ուղղեալ գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ բաժնեց նոր սերունդի ներկայացուցիչներու կատարումներուն առթած մեծ հրճուանքը։

Այս համերգաշարը, որ կը հովանաւորուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ, կազմակերպուած է Սեւան Աթաօղլուի եւ Արի Հերկելի ներդրումով։

Համերգաշարի ծրագիրը պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022