«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
«Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է դարձեալ շահեկան ու հետաքրքրական գործ մը, որու հեղինակն է գրող ու ազատ լրագրող Մելինէ Թումանի։ «Թուրքերն ու հայերը. ճանապարհորդութիւն մը հաւանականութիւններու եւ ատելութեան միջեւ» խորագրեալ Մելինէ Թումանիի անգլերէն գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնն է այս մէկը։ Զէյնել Ճան Կիւնտողտուի եւ Ալթուղ Եըլմազի կողմէ իրականացուած թարգմանութիւնը ընթերցողին կը մատուցուի «Bir Varmış Bir Yokmuş» անունով։ Առաջին անգամ 2014 թուականին, «Metropolitan Book»ի կողմէ, «There Was And There Was Not - A Journey Through Hate and Possibility in Turkey, Armenia and Beyond» անունով հրատարակուած է այս գործը։ Մելինէ Թումանի հայ-թրքական խնդիրներու առանցքին շուրջ կատարած է խորհրդածութիւններ, հաշուի առնելով գաղափարական եղափոխութեան փուլերը, նաեւ երկու հասարակութիւնները թէ՛ ներքուստ եւ թէ արտաքուստ դիտարկելու ջանքեր գործադրելով։ Քննադատականութեան, ազնուութեան եւ նախանձախնդրութեան տեսակէտէ գնահատանքի արժանացած գործ մըն է այս մէկը։
Մելինէ Թումանի «U.C. Berkeley» եւ Նիւ Եորքի համալսարաններէն ներս ստացած է բարձրագոյն ուսումը։ Յօդուածներ ստորագրած է բազմաթիւ հեղինակաւոր թերթերու մէջ. օրինակ՝ «The New York Times Magazine», «Harper՚s», «The Nation» եւ «The Boston Globe»։ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ աշխատած է՝ որպէս թղթակից։ Միջազգային մետիայի բազմաթիւ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու խմբագրական խորհուրդներուն մաս կազմած է։ Նոյնպէս լրագրութեան վրայ դասախօսած է միջազգային կարեւոր համալսարաններէ ներս։ Կը բնակի Նիւ Եորքի մէջ։