ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ՝ 2024-2025 շրջանի առաջին մատաղօրհնութեան նախապատրաստական հաւաքը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ամէն տարի առաջին սիրոյ սեղանը կը սարքուի Սամաթիոյ եկեղեցւոյ եւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ։ Այս տարի ալ աւանդութիւնը կը շարունակուի, ուստի, Սամաթիոյ ընտանիքը արդէն շարժման անցած է՝ հաւասարակշռելու համար դպրոցի տարեկան պիւտճէն։
Համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչները այս առթիւ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ՝ ջերմօրէն հիւրընկալուելով ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդին կողմէ։ Սեղանը օրհնեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Թաղային խորհուրդը ներկաներու նկատառման յանձնեց, որ այս տարուան պիւտճէի բացը շուրջ 28 միլիոն թրքական լիրա է։ Պիւտճէն հաւասարակշռելու համար ձեւաւորուած է կարգադիր յանձնախումբ մը, որ իր որոնումներով ու ջանքերով պիտի զօրակցի թաղային խորհուրդին։ Յանձնախումբը կը գլխաւորեն Անդրանիկ Քէօսէտաղ եւ Գատիմ Պիրոս։
Նուրհան Տավուլճեան դիտել տուաւ, որ թաղային խորհուրդը նիւթական մեծ խնդիրներ կը դիմագրաւէ։ «Եթէ այս խնդիրները չկարողանանք լուծել, ապա յաջորդ սերունդներուն մեր դպրոցները ցոյց պիտի տանք՝ որպէս դատարկ շէնք», ըսաւ ան։
Յաջորդաբար արտայայտուեցան նաեւ Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Թորոս Ալճան, Պարոն Նալպանտ եւ այլ հիւրեր։ Հրապարակուեցաւ նաեւ թաղի պատուոյ ատենապետ Մելքոն Գարաքէօսէի կոչը՝ քանի ակամայ կը բացակայէր, որովհետեւ ենթարկուած էր վիրահատութեան։
Հուսկ, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան օրհնութեան խօսք մը արտասանեց եւ հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ աղօթքով։
Հարկ է նշել, որ թաղային խորհուրդն ու կարգադիր յանձնախումբը յառաջիկայ շրջանին համագործակցաբար յառաջ պիտի տանին սիրոյ սեղանի կազմակերպչական աշխատանքները։