ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրըկնալելու Տատեան վարժարանի սաներէն Տեսիլ Գարան եւ Քեւըն Պաշըպիւյիւքը։ Ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Երանուհի Պալճըի ուղեկցութեամբ տղաքը փութացին մեր այցելութեան։ Անոնք տեղեկացուցին, որ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց ձօնուած մշակութային ձեռնարկ մը կեանքի պիտի կոչեն յառաջիկայ շաբթուան մէջ։ Այսպէս, տատեանցիները գիրքի շնորհանդէս մը կազմակերպած են ուսուցչուհի Լեռնա Գարաքիւթիւքի՝ վերջերս լոյս տեսած բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին համար, որ կը կոչուի «Երթաս բարով»։ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ նախատեսուած ծրագիրը պիտի գործադրուի երկու անգամ՝ մին մեր դպրոցներու աշակերտութեան, իսկ միւսը՝ համայնքի գեղարուեստասէրներուն համար։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017