Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին։ Ամրան շրջանի աւարտին այս այցելութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի, նկատի ունենալով, որ վարչայինները առաջին հերթին պաշտօնապէս ներկայացուցին եկեղեցւոյ կողմէ աշակերտներու յատկացուած կրթաթոշակներու ընդհանուր գումարը։ Գնալը կղզին բացի ամառնային շրջանի գործունէութենէն, նման առաքելութեամբ կը ջանայ աշակերտներու կրթական կեանքին նպաստել ձմրան եղանակին եւս։ Եկեղեցին ընկերային օժանդակութեան համար եւս իր սնտուկէն բաժին յատկացուցած է կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Հանդիպման ընթացքին կրթաթոշակներու համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ եւ այս ուղղութեամբ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան։ Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը յիշեց մեր համայնքային միւս հաստատութիւնները,  որոնք եւս կրթաթոշակ կը յատկացնեն։ Ան գնահատեց Գնալը կղզիի թաղային խորհուրդը ու թելադրեց, որ անոնք կապ հաստատեն կրթաթոշակ յատկացնող այլ հաստատութիւններու հետ, որպէսզի համայնքային կեանքէ ներս առաւել եւս արդիւնաւորուի կրթաթոշակի յատկացումը։

Բաց աստի, հիւրերը շեշտեցին, թէ հակառակ համավարակի շրջանին, Գնալը կղզիի մէջ բարեբեր ամրան շրջան մը բոլորուած էր։ Լաւ ամառ մը անցած էր, քանի Պատրիարք Հայրը առաւել եւս բնակած էր Պատրիարքարանի ամառնային շէնքին մէջ եւ այս մէկը առիթ դարձած էր, որ կղզեբնակները համախմբուին իրենց հովուապետին շուրջ։ Անոնք մաղթեցին, որ նման առիթները յաջորդ տարի եւս շարունակուին։ Բաց աստի, Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ ամրան ոգեւորիչ պահեր ապրած էր կղզիի վրայ եւ այս մէկը արդիւնքն էր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուածներու համագործակցութեան։ Ինք այս առթիւ իր գնահատանքը յայտնեց թաղականներուն եւ մաղթեց, որ յաջորդ ամառ կրկնուին նոյն առիթները, համավարակէ հեռու աւելի լաւ պայմաններու ներքեւ։

Միւս կողմէ, սոյն հանդիպումը յատկանշական էր Իշխանաց կղզիներէ ներս, քանի եկեղեցւոյ վարչութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց Պատրիարք Հօր վերջին կարգադրութեան համար։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ՝ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ժամանակաւորապէս պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այս առթիւ Գնալը կղզիի ընտանիքը Պատրիարք Հօր փոխանցեց իր տպաւորութիւնները ու մաղթեց, որ հայր սուրբի ճանապարհորդութիւնը բարեբեր ըլլայ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ թէ կղզեաց ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը, իր կարգին, ուրախութիւն յայտնեց՝ տեսնելով հոգեւոր հովիւին եւ թաղականներուն միասնականութիւնը։

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն եւ մաղթեց, որ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը միշտ ըլլայ կանգուն եւ համայնքէ ներս ստեղծէ ոգեւորութիւն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021