ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՅՍ

Երէկ առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու խնամակալութեան կազմի ժրաջան անդամներէն Լիանա Էօզպիւլպիւլն ու Արտա Էրոլը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի մէջ, ուր համայնքային շրջանակները այժմէն ժամադրուած են, որպէսզի սիրոյ սեղանին մասնակցելով իրենց ներդրումը բերեն պատմական կրթօճախին։ Տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները այցելեցին նաեւ խմբագրատունս՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բազմակողմանի բացատրութիւններ տուին դպրոցին եւ ընդհանրապէս Կեդրոնականի ընտանիքի այժմու օրակարգին շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ Ղալաթիոյ խնամակալութեան կազմը վերանորոգուած է համայնքային վերջին ընտրութիւններով՝ այժմու խնամակալութիւնը առաջին անգամ կը կազմակերպէ տարեկան մատաղօրհնութիւնը։

Ղալաթիոյ խնամակալները երէկ մեզի մանրամասն բացատրութիւններ տուին իրենց գործունէութեան հիմնական առանցքներուն շուրջ։ Այդ բոլոր աշխատանքները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին եւ մանաւանդ՝ սիրոյ սեղանի ընդառաջ այդ հանգամանքը կը բիւրեղանայ, որովհետեւ Կեդրոնական վարժարանը թրքահայ իրականութենէն ներս արդիւնաւէտութեան խարիսխ մը, յարատեւութեան առանցք մը դարձած է եւ տարեկան սիրոյ սեղանը ինքնաբերաբար առիթի մը կը վերածուի՝ այդ արդիւնաւէտութիւնն ու յարատեւութիւնը խրախուսելու տեսակէտէ։ Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի գլխաւորած Ղալաթիոյ խնամակալութեան նոր կազմն ալ բացառիկ ջանքեր կը գործադրէ՝ պատմական դպրոցի ապահոված յաջողութեան բարձր նշաձողը տեւականացնելու նպատակով։ Սա առաջին հերթին համայնքային շրջանակներու հետ սերտ աշխատանք կ՚ենթադրէ՝ Կեդրոնականը հերթական անգամ համատարած զօրակցութեան առարկայ դարձնելու համար։ Բայց եւ այնպէս, հարցը ունի նաեւ այլ երեսակ մը։ Այժմու խնամակալութիւնը ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Կեդրոնականի բոլոր սաները, շրջանաւարտները շարժման անցընելու խնդիրը, որպէսզի անոնք եւս մասնակից դառնան՝ իրենց սիրեցեալ դպրոցի գոյատեւման պայքարին։

Խնամակալութեան կազմէն ներս տեղի ունեցած սերնդափոխութիւնը նոր մտայնութեան մը ծնունդ տուած է այս որոնումներուն մէջ։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին խնամակալութեան ներկայացուցիչները մեզի յայտնեցին, որ այս առումով առաջին աշխատանքներուն արդիւնքը յուսադրիչ է։ Կեդրոնականի շրջանաւարտները լուրջ զգայնութիւն կը ցուցաբերեն իրենց դպրոցին նկատմամբ եւ այս երեւոյթը ժամանակի ընթացքին հետզհետէ աւելի լուրջ եւ ազդու գործօնի մը կրնայ վերածուիլ՝ կրթօճախը ինքնաբաւ դարձնելու ճանապարհին։

Ատենապետ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները երէկ մեզի յայտնեցին, որ Կեդրոնականը այս տարի ունի 196 աշակերտ։ Կրթական-ուսումնական տեսակէտէ դպրոցը կը շարունակէ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը։ Համալսարանի մտից քննութիւններուն համար վարժարանը ինքն իսկ կը կազմակերպէ յարակից դասընթացքներ՝ իր աշակերտութեան պատրաստութիւնները կատարելագործելու համար։ Այդ դասընթացքները կ՚իրականացուին բացառապէս վարժարանի ուսուցչական կազմէն դուրս մասնագէտներու կողմէ։ Կեդրոնականցիներուն տեսակէտէ յատկանշական տուեալ մըն է, որ համալսարանի մտից քննութիւններուն ամենաբարձր արդիւնք ապահոված առաջին տասն աշակերտներուն բոլորն ալ հետեւած է դպրոցի ներքին դասընթացքներուն։ Այս հանգամանքը հերթական ապացոյցը եղած է, որ Կեդրոնականի մէջ ջամբուած ուսումը բաւարար է բոլոր առումներով։ Խնամակալները շեշտեցին, որ բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան դպրոցի մասնագիտական կառավարումը յառաջ կը տանի ծայր աստիճան նպատակասլաց եւ տարիներէ ի վեր արդարացած տեսլականով։ Ակադեմական հարթութեան վրայ ապահոված այս թափը կ՚ունենայ նաեւ իր տրամաբանական շարունակութիւնը՝ դպրոցի ընկերամշակութային գործունէութիւններուն մէջ։ Կեդրոնականի սաները 20 ակումբներու ձեւաչափին մէջ աշխատանքներու կը հետեւին՝ ըստ իրենց ընկերամշակութային նախասիրութիւններուն։ Բոլոր անոնք, որոնք տարրական պատկերացում մը ունին Կեդրոնականի աշակերտական ակումբներուն մասին, արդէն համոզուած են, թէ անոնք լիարժէք ակումբներ են եւ իրենց գործունէութիւնով կը նպաստեն Կեդրոնականի սաներու կազմաւորման։ Այս հարթութեան վրայ արձանագրուած ձեռքբերումները աշակերտներուն առաւելութիւններ կ՚ապահովեն նաեւ համալսարանական կեանքի ընթացքին։

Խնամակալները երէկուան զրոյցի ընթացքին համոզիչ բացատրութիւններ տուին նաեւ իրենց վարչական գործունէութեան երկու առաջնահերթ ուղղութեան շուրջ։ Այսպէս, անոնք խօսեցան թէ՛ Տոլափտէրէի կալուածի արժեւորման եւ թէ վարժարանի շէնքի ամրութեան, այսինքն երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան շուրջ։ Ուրախառիթ է, որ Տոլափտէրէի կալուածը արժեւորելու ճանապարհին՝ պաշտօնական թոյլտուութիւններու ապահովման գործընթացը արդէն բաւական հասունցած է։ Նախահաշիւները, նախագիծերը եւ բոլոր փաստաթուղթերը պատկան մարմիններու հաւանութեան արժանացած են։ Թոյլտուութիւններու ապահովման ճանապարհին վերջին քանի մը կառոյցի հաւանութիւնը կ՚ակնկալուի եւ աւելի վերջ արդէն գործնական շինարարութեան սկսելուն առջեւ որեւէ արգելք պիտի չմնայ։ Այս շինարարութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ տեւէ երկու տարի։ Շէնքի կառուցումը Կեդրոնականին առջեւ ինքնաբաւ դառնալու հորիզոնը պիտի ուրուագծէ։ Կալուածը կը գտնուի քաղաքի ամենաբանուկ կէտերէն մէկուն վրայ եւ այնտեղ ապագային կալւածներու արժէքի բարձրացման հեռանկարն ալ կայ։ Մնաց որ, կառուցումը նախատեսուած շէնքը կ՚ընձեռէ ճկունութեան հնարաւորութիւններ, այսինքն ապագային որեւէ անհրաժեշտութեան պարագային, փոքր ձեւափոխութիւններով կարելի պիտի ըլլայ շէնքը օգտագործել՝ ըստ տուեալ ժամանակաշրջանի նպատակայարմարութեան։ Թէ՛ խնամակալութիւնը եւ թէ շինարարական յանձնախումբը ամբողջական նուիրումով ու անսակարկ եռանդով կ՚աշխատին այս նախաձեռնութիւնը ի կատար ածելու համար։

Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր ընկերները անցեալ ժամանակաշրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են նաեւ դպրոցի շէնքի ամրութեան հարցը։ Խնամակալութիւնը մասնագէտներու եւ մասնագիտական կառոյցներու հետ շփման մէջ անցած է եւ իսկոյն պատշաճը տնօրինած է՝ անոնց ցուցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն լոյսին տակ։ Այսպէս, դպրոցի բուն՝ պատմական շէնքը երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան առումով որեւէ ռիսք չունի։ Պետական մարմիններու կողմէ կրթական հաստատութիւններու պարագային սահմանուած՝ յարաբերաբար աւելի խստապահանջ չափանիշներու հիման վրայ՝ ամրակայման աշխատանքներ անհրաժեշտ նկատուած են յարակից խանի պարագային, որու շարք մը սենեակները կամ բաժանմունքները ածանցուած էին դպրոցի շէնքին։ Մասնագիտական եզրակացութեան լոյսին տակ անմիջապէս այդ յարակից խանի մէջ տեղակայուած բաժանմունքները դատարկուած են եւ փոխադրուած՝ վարժարանի բուն շէնքի երդիքին տակ։ Խնամակալներուն խօսքով՝ թէեւ ֆիզիքական պայմանները որոշ չափով սահմանափակ դարձած են եւ սա զոհողութիւններու անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ դպրոցի առօրեային մէջ, սակայն, իրենք այս բանին կը հանդուրժեն, որովհետեւ ֆիզիքական անվտանգութիւնը անբաղդատելի կը նկատեն մնացեալ հանգամանքներուն հետ։ Ի դէպ, խնամակալութիւնը վճռակամութեամբ տրամադրուած է, որպէսզի տեսանելի ապագային այդ բաժանմունքներու ամրացման նախագիծն ալ կեանքի կոչէ եւ այսպէով ֆիզիքական անթերի հնարաւորութիւններով, լիարժէք միջոցներով կրթական աշխատանքը վերականգնուի Կեդրոնականի յարկէն ներս։

Տարեկան նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ Կեդրոնականի ընտանիքը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի համայնքային շրջանակները այս տարի եւս չզլանան իրենց զօրակցութիւնը դպրոցէն։ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը կը մատնանշէ, որ շուրջ 9.5 միլիոն թրքական լիրայի կը հասնի այս տարուան պիւտճէի բացը՝ հակառակ անոր, որ դպրոցի աշակերտներու ծնողներն ալ սիրայօժար նուիրատուութիւններով իրենց առաւելագոյնը կ՚ընեն նիւթական բեռը թեթեւցնելու նպատակով։ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները սիրոյ սեղանին ընդառաջ կրկնեցին իրենց երախտագիտական զգացումները՝ Կեդրոնականի երիցագոյն սաներէն Հայկ Ասլանեանին նկատմամբ, որ 17 տարիէ ի վեր միշտ կը գլխաւորէ նուիրահաւաքներու կազմակերպման աշխատանքները։ Ան բոլոր շրջաններու խնամակալութիւններուն հետ աշխատած է եղբայրական, զօրակցական ոգիով եւ իր մարմնաւորած կերպարը էապէս նպաստած է, որպէսզի համայնքային շրջանակներուն աջակցութիւնը մնայ առաւելագոյն համեմատութեան վրայ։ Հայկ Ասլանեանի անձը ինքնին խթան մը կը դառնայ, որպէսզի համայնքի բոլոր սերունդներէ բարերարները բաժնեն անոր զգայնութիւնը՝ Կեդրոնականի յարատեւութեան ճանապարհին եւ իրենց առաւելագոյնը կ՚ընեն դպրոցին համար։

Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր ընկերները զրոյցի աւարտին նշեցին, որ ընթացիկ բոլոր խնդիրներով հանդերձ իրենք միշտ հետամուտ են նաեւ Կեդրոնականի մեծ ոգին վառ ու արծարծուած պահելու, որովհետեւ այդ ձգողականութիւնը անփոխարինելի է դարաւոր դպրոցի հպարտ ընթացքը ուղղորդելու տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023