ԹԱՔՍԻՄ ԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԵՐԳ

Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին համերգ մը տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ այլք։ Ձեռնարկի հովանաւորն էր մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Երաժշտասէրները անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տուին սոյն համերգի նկատմամբ, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ճենիֆըր Տատեանի եւ Մկրտիչ Կիւլէզեանի։

Յայտագրի առաջին բաժնին մէջ նախ հանդէս եկաւ «Չըլկըն Պեշլի» խումբը։ Աւելի վերջ բեմ առաւ «Ոմանք» խումբը, որու բաժնին մէջ մեներգներով հանդէս եկան Լառա Նարին, Մարալ Չաղլըչուպուքճու եւ Մարալ Աթաման։ Յայտագրի երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ յատկացուած էր Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ «Մարալ»ի մանկապատանեկան կազմը եւ բուն կազմը յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Երեկոյթի աւարտին, յուշանուէրներ յանձնուեցան մասնակից խումբերու ղեկավարներուն։ Շնորհակալութեան խօսք մըն ալ արտասանեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018