ՏՕՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս շաբաթավերջին տօնական տրամադրութեան մէջ էր։ Թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցին օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ շուրջ եօթ ամսուան բարենորոգման աշխատանքներէ վերջ։ Պաքըրգիւղցիները անհամբերութեամբ կը սպասէին այդ արարողութեան, որովհետեւ ամիսներէ ի վեր հեռու մնացած էին իրենց աղօթքի տունէն։ Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման առթիւ շաբաթավերջին զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ի լրումն այս բոլորին, շաբաթավերջին ազդարարուեցաւ նաեւ թաղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս այս տօնական շաբաթավերջի արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Երէկ առաւօտ, վերանորոգեալ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակները ղօղանջեցին տօնական աւետիսով։ Եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց եւ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբերու համատեղ կազմին կողմէ՝ Սեւան Ակօշեանի ղեկավարութեամբ եւ Աւետիս Էօզտեմիրի երգեհոնահարութեամբ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Պատարագի ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Նորին սրբազնութիւնը կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւորներէն Յակոբ Ալսամուրին եւ Մուրատ Այքարին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Տատեան վարժարանի մարզասրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ հոգեւոր հայրերը։ Մասնակիցներու շարքին էին Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, Պաքըրգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններու պատասխանատուներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Տիլարա Սարըքայայի հանդիսավարութեամբ։ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին խմբերգներ՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Մուրատ Իչլինալչայի հսկողութեան տակ։ Տղաքը նաեւ ժողովրդական պարեր ներկայացուցին պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի մականին ներքեւ։ Տատեանի սաներէն Նաիրա Տուրսուն, Արտէն Նեւրուզ, Քեւըն Պաշըպիւյիւք, Լորա Էօճալ, Ինեսա Եըլմազ, Ալվինա Աքըն եւ Գարէն Աթաքլիկան հանդէս եկան արտասանութիւններով։

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յուշանուէրներ պատրաստած էր՝ Նուպար Մանավեանի, Նազար Պինաթլըի, Մինաս Քորթունի, Բարսեղ Սարայլըի, Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի, Զատիկ Թոքէրի, Հայկարամ Թաշճըի եւ Պիւլենտ Քերիմօղլուի համար։ Բոլորն ալ այդ յուշանուէրները ստացան ներկաներու ծափողջոյններու ներքեւ։ Այդ անունները զօրակցած էին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն։

Բաց աստի, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր խորին երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի մասին, որ եւս իր անփոխարինելի աջակցութիւնը բերած էր Պաքըրգիւղի ընտանիքին։ Շիրինօղլուի նկատմամբ երախտագիտութիւն արտայայտելու առընթեր, Մեսուտ Էօզտեմիր իր ելոյթին մէջ նշեց, որ 2015 թուականին Պաքըրգիւղի ընտանիքը Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի բացման ժամանակ ապրած էր մեծ ոգեւորութիւն եւ ներկայիս ալ նոյն ոգեւորութիւնը կը կրկնուի՝ թաղի եկեղեցւոյ վերանորոգութեան առթիւ։ Ատենապետը յիշեցուց, որ եկեղեցին եւ դպրոցը մեր ժողովուրդի յարատեւութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ երկու կռուաններ են։ Մեր մշակոյթը յարափոփոխ աշխարհի հետ ներդաշնակութեան մէջ պէտք է գոյատեւէ եւ այս ուղղութեամբ բոլորին կը վիճակի պատասխանատուութիւն։ Նոյն ծիրին մէջ Մեսուտ Էօզտեմիր կարեւորեց մեր կրթական կեանքէն ներս որակական ոստումի մը հասնիլը։ Ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին պիտի նշուի Տատեան վարժարանի 175-ամեայ յոբելեանը։ Ան բոլորին զօրակցութեան կոչ ուղղեց՝ որպէսզի Տատեան վարժարանը առաջնորդուի դէպի ապագայ։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու։

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ ընդգծեց, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքը հարսանիքի համազօր շաբաթավերջ մը անցուցած էր։ Եօթ ամիս վերջ թաղի եկեղեցին վերաբացաւ իր դռները։ «Անգամ մը եւս տեսանք եկեղեցի-դպրոց կապին, հաւատք-կրթութիւն միասնութեան կարեւորութիւնը։ Անոնք մեր գոյատեւման հիմնական ազդակներն են», ըսաւ ընդհանուր փոխանորդը։

Աւելի վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Պաքըրգիւղի եկեղեցին իսկապէս լաւ, որակեալ նորոգութենէ մը անցնելով բարեզարդուած էր։ «Շէնքերու նման, նոյն ձեւով, պէտք է նորոգուին նաեւ մարդիկ։ Անոնք պէտք է նորոգեն իրենց ուղեղը, իրենց սիրտը։ Մարդիկ պէտք է միշտ սորվին, ինքզինքնին նորոգել։ Միայն եկեղեցւոյ մէջ չէ, ամէն տեղ պէտք է նորոգուին թէ՛ անհատները եւ թէ հաստատութիւնները», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ աւելցուց, որ քանի մը շաբաթ վերջ ալ պաշտամունքի պիտի վերաբացուի Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, որ նոյնպէս վերանորոգուած է։ Նորին սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ մեր համայնքը պարտաւոր է խնամելու իր սրբավայրերը, սակայն մեր մեծ եկեղեցիներու խնամքը կ՚ենթադրէ աստղաբաշխային ներդրումներ, ինչ որ ծանր բեռ մըն է՝ համայնքի սահմանափակ հնարաւորութիւններուն բերումով։ Ընդհանուր փոխանորդը նշեց, որ այս պատճառով պետութեան աջակցութիւնն ալ կը ջանան ապահովել։

Իր ելոյթին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը, որ ըստ էութեան իր միջոցներով կեանքի կոչեց վերանորոգութեան ծրագիրը։ Ան յայտնեց, որ մեր համայնքը երախտապարտ պէտք է զգայ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք բերած են իրենց աջակցութիւնը։ «Թուրքիոյ մեծագոյն փոքրամասնական հաւաքականութիւնը կը կազմենք մենք հայերս։ Մեր ժողովուրդի ներկայութիւնը միշտ զգալի պէտք է ըլլայ մեր եկեղեցիներէն ներս։ Միայն Զատիկին եւ Ծնունդին պէտք չէ դրսեւորուի այդ հանգամանքը։ Մեր վարիչները ուրախ կ՚ըլլան, երջանիկ կ՚ըլլան համայնքի օգնութիւնը, զօրակցութիւնը տեսնելով։ Միայն նիւթական աջակցութեան մասին չէ խօսքը, բարոյական զօրակցութիւնն ալ կարեւոր է։ Միշտ ներկայ ըլլանք, միշտ իրարու քով, իրարու հետ ըլլանք։ Մէկ մարմին ըլլանք եւ մէկ ուժ ըլլանք», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ ողջունեց նաեւ թէ՛ Պիւլէնտ Քերիմօղլուն եւ թէ Աթէշ Իւնալ Էրզէնը, որոնք քաղաքապետի հանգամանքով կարեւոր աջակցութիւն բերած են Պաքըրգիւղի ընտանիքին ու մեր համայնքին հետ հաստատած՝ ջերմ կապեր։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018