ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐԱԿՈՉ

Այս Կի­րա­կի Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Ե­րէկ, տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուն եւ ան­դամ­նե­րէն՝ Մի­նաս Գա­բը­սը­զը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մե­զի ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին դպրո­ցի պիւտ­ճէի ներ­կայ բարդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Այս տա­րի Կեդ­րո­նա­կա­նը տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ պիւտ­ճէի ա­ռա­ւե­լա­գոյն բաց յայ­տա­րա­րած վար­ժա­րա­նը դար­ձած է։ Ուս­տի, խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը եւ Կեդ­րո­նա­կա­նի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը շարժ­ման ան­ցած են՝ որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ հնա­րա­ւո­րինս հա­ւա­սա­րակշ­ռել տա­րե­կան պիւտ­ճէն։ Հրա­պա­րա­կի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, երկ­րի տնտե­սու­թեան փխրուն կա­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով այս տա­րի մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներն ալ կը դի­մագ­րա­ւեն մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն յայ­տա­րա­րուած պիւտ­ճէի բա­ցե­րը չեն հա­ւա­սա­րակշ­ռուիր դժբախ­տա­բար։ Թէեւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ալ պիւտ­ճէի բա­ցե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ չէին յաղ­թա­հա­րուեր, սա­կայն այս տա­րուան բա­ցե­րուն հա­մե­մա­տու­թիւ­նը բարձ­րա­ցած է ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն։ Ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նով Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թիւնն ալ կ՚ը­նէ ի­րա­տես հա­շուարկ­ներ։ Կան­խա­տե­սում­նե­րը այն­պէս չեն, որ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հան­գա­նա­կու­թեան ար­դիւն­քով հա­ւա­սա­րակշ­ռել պիւտ­ճէի բա­ցը։ Բայց եւ այն­պէս, խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը կը ձգտի հաս­նիլ հնա­րա­ւոր ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւն­քին։ Վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան կա­յուն եր­թը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ է այս աշ­խա­տան­քը։ Ըստ խնա­մա­կալ­նե­րուն, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Կեդ­րո­նա­կա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղան­նե­րու ար­դիւն­քին կա­րե­լի չ՚ըլ­լար հա­ւա­սա­րակշ­ռել պիւտ­ճէի բա­ցը։ Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը այն­պի­սի դիր­քի մը մատ­նուած է, որ կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի դպրո­ցը կա­ռա­վա­րե­լի պարտ­քե­րով ղե­կա­վա­րե­լու ստի­պո­ղու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, առ­կայ պայ­ման­նե­րով շատ կա­րե­ւոր է սի­րոյ սե­ղա­նի հան­գա­նա­կու­թեան ար­դիւն­քը ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նի հասց­նել։ Խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կ՚ընդգ­ծէ նաեւ հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րար Հայկ Աս­լա­նեա­նի կող­մէ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րը։

Միւս կող­մէ, տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նի ըն­դա­ռաջ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու, Մի­նաս Գա­բը­սըզ եւ վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կար­պիս Պալ­մում­ճու ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Գում­գա­բու։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ ըն­դու­նուե­ցան ա­նոնք։ Ներ­կայ էր նաեւ Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, որ պի­տի հո­վա­նա­ւո­րէ շա­բա­թա­վեր­ջի կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րը, խնա­մա­կալ­նե­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­նոր դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը գնա­հա­տեց Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը՝ յա­ջո­ղու­թիւն ու կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թեց խնա­մա­կալ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017