ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­րար­ներ Ֆէս­ճեան, Սէրթ­շիմ­շէք, Չո­լա­քեան եւ Մե­ծա­րեան ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րը։ Հա­կա­ռակ օ­դի անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն, ներ­կայ ե­ղան կո­կիկ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։

Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ ե­րէց Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Նախքան հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ Հայր Սուր­բը քա­րո­զեց եւ անդ­րա­դար­ձաւ Մա­նուկ Յի­սու­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի սկզբնա­կան շրջա­նին ու­նե­ցած գաղ­թա­կան վի­ճա­կին։ Դէ­պի Ե­գիպ­տոս եւ ա­պա Նա­զա­րէթ դժուա­րին պայ­ման­նե­րու տակ փո­խադ­րուած էր Յի­սուս Մա­նու­կը։ Ան յի­շե­ցուց, թէ Քրիս­տո­սի յանձն ա­ռած դժուա­րու­թիւն­նե­րը՝ մար­դոց փրկու­թեա­ն հա­մար էր։ Օ­րուան օ­դի անն­պաստ պայ­ման­նե­րը եւս կը նկա­րագ­րեն Մա­նուկ Յի­սու­սի դժուա­րին օ­րե­րը։ Այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց նախ փառք տա­լու ի­րենց ու­նե­ցած­նե­րուն, ա­պա թե­լադ­րեց ա­ղօ­թել կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն հա­մար ու օգ­նել ա­նոնց։ Իր խօս­քե­րու ա­ւար­տին ը­սաւ, թէ հո­գա­հանգս­տեան ա­ղօթք­նե­րով յի­շա­տա­կուող ան­ձինք փառք տա­լու ճամ­բան գտած էին Աս­տու­ծոյ տան օ­ժան­դա­կե­լով, ինչ­պէս նաեւ ու­րիշ­նե­րու մա­սին մտա­ծե­լու ճամ­բան գտած էին բա­րե­րա­րու­թեան գծով։

Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, որ­մէ յե­տոյ ներ­կա­ներ միա­տե­ղուե­ցան հո­գե­ճա­շի սի­րոյ սե­ղա­նին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017