ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ իսկապէս տօնական մթնոլորտ։ Երեկոյթը պատուեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու կողքին էին մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ արտասահմանէն ժամանած այն հիւր հոգեւորականներէն ոմանք, որոնք այս շաբաթավերջին մասնակցութիւն կը բերեն Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան արարողութեան։

Սահակեան երգչախումբը Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ գործադրեց յայտագիրը՝ խոր տպաւորութիւն գործելով ունկնդիրներուն վրայ։ Երգացանկին մաս կազմեցին հայկական հոգեւոր եւ դասական երաժշտութենէն ընտիր նմոյշներ։ Երգչախումբը փայլուն ձեւով կատարեց այդ բոլորը, մինչ մենակատարներն ալ արժանացան մասնաւոր գնահատանքի։ Համերգի ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Սահակեան երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը՝ Նարօտ Դալար Ակօշեանի մականին ներքեւ։

Ձեռնարկը առիթ մը հանդիսացաւ վերյիշելու համար մեծն Կոմիտաս Վարդապետն ու Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը, որոնց ծննդեան 150-ամեակները անցեալ տարի նշուեցան յոբելենական ձեռնարկներով։

Համերգը եզրափակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ Տ. Եզնիկ Արքեպիսկոպոս Պետրոսեանի եւ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր խօսքերով։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020