ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻԹՒՆ

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Tanrı Göçmen Çocukları Sever mi Anne?» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այս ժապաւէնի հեղինակն է Ռենա Լուսին Պիթմէզ։ Թէ՛ որպէս բեմադրիչ եւ թէ որպէս բեմագիր, նաեւ որպէս արտադրող ան մեծ աշխատանք մը տարած է այս ժապաւէնին համար։ Դերակատարներն են Ռուզաննա Պապաեան, Յասմիկ Վարդերեսեան, Անդրանիկ Եդիկարեան եւ Յարութիւն Պօղոսեան։ Մինչ գաղթականներու վերաբերեալ հարցերը մարդկութեան օրակարգին վրայ դարձած են հրատապ, այս ժապաւէնը սոյն հիմնախնդիրը կը դիտարկէ ուրոյն աչքով։

Երէկուան երեկոյթի ընթացքին Միրէյ Քալայճը հանդէս եկաւ բացման խօսքով մը։ Ռենա Լուսին Պիթմէզի կենսագրութիւնն ու գեղարուեստական գործունէութիւնը ներկայացուեցաւ այս փուլին եւ աւելի վերջ ալ ցուցադրուեցաւ կարճաժամկէտ ժապաւէնը։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ դերակատարները՝ իրենց ընտանիքներուն հետ։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան հաւաքոյթին։ Ժապաւէնի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկման բաժին մը։

Ռենա Լուսին Պիթմէզ այս ժապաւէնին մէջ մատուցած է քանի մը տարիէ ի վեր Իսթանպուլ հաստատուած շարք մը ընտանիքներու առօրեան՝ բնակարանային դժուարին պայմաններով, հայրենիքի նկատմամբ կարօտով եւ ճակատագրի առջեւ գլուխ խոնարհելու երեւոյթներով հանդերձ։ Այս բոլորը ա՛լ աւելի բիւրեղացան ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին ծաւալւած քննարկման ժամանակ։

Յայտագրի աւարտին սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ալ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ կարծիքի փոխանակումները շարունակուեցան՝ մինչ բոլոր ներկաները իրենց գնահատանքը յայտնեցին այս յաջող գործին նկատմամբ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020