ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան առաջին տարեդարձն է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ ան բոլորած է իր առաջին տարին եւ այս օրուան դրութեամբ կը թեւակոխէ երկրորդը։ Որպէս Նուիրապետական Աթոռի գահակալ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ տարուայ ընթացքին տարածած է իր հովանին թրքահայ հաւատացեալ հօտին վրայ։

Թէեւ միայն մէկ տարին շատ քիչ ժամանակ մըն է հոգեւոր առաջնորդի մը գործունէութիւնը արժեւորելու համար, սակայն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պարագային կան բացառիկ հանգամանքներ։ Արդարեւ, իր գահակալութեան սկիզբին նախորդած տասնամեակի իրադարձութիւնները մեր համայնքին տեսակէտէ այնքան ծանր էին, որ ինքը դարձաւ յոյսի խորհրդանշան մը։ Շուրջ տասն տարի վարչական փակուղիի մէջ մնացած Պատրիարքական Աթոռը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր գահակալութիւնով վերագտաւ իր կենսունակութիւնը։ Չենք ըսեր, որ Պոլսոյ Աթոռը այսօր կատարեալ ու լիարժէք գործունէութեան մը հունին մէջ է, սակայն, Աթոռի վրայ գահակալի մը գոյութիւնը անհրաժեշտ նախադրեալն է այդ ուղղութեամբ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահ բարձրացաւ իսկապէս դժուար իրավիճակի մը մէջ։ Բեւեռացումներով պայմանաւորուած անմիաբանութիւնը գերեվարած էր պոլսահայ իրականութիւնը։ Համայնքէն ներս տկարացած էր սեփական ուժերու նկատմամբ հաւատքը։ Այս պայմաններուն ներքեւ Նորին Ամենապատուութիւնը ձեռնարկեց սիրոյ, համերաշխութեան եւ միասնութեան քարոզին՝ Աստուծոյ առջեւ կատարած ըլլալով իր պատրիարքական երդումը։ Թէեւ իր գահակալութեան առաջին տարին բացարձակապէս ձեռնտու պայմաններու մէջ չանցաւ, նպաստաւոր մթնոլորտ մը չունեցաւ, սակայն ան հաւատարիմ մնաց՝ իր հայրական հովանին եւ օրհնութիւնը անխտիր բոլորին վրայ տարածելու սկզբունքին։ Պոլսոյ դարաւոր Աթոռին այս մէկ տարուան ընթացքին ան ծառայեց նուիրումով, հայ հոգեւորականին յարիր ոգիով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջին գահակալութեան յաջորդած քայլափոխին վրայ հասաւ քորոնաժահրի համաճարակը։ Երկրագունդը գերեվարած համավարակի հետեւանքներէն անմասն չմնաց նաեւ թրքահայութիւնը։ Մարդոց առողջութեան դէմ սպառնալիքը սահմանափակումներով պայմանաւորուած ընկերատնտեսական դժուարութիւնները նոր առաջնահերթութիւններ ստեղծեցին թրքահայութեան առջեւ։ Այս մարտահրաւէրները գործնականօրէն Ամեն Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ծառայեցուեցան դրական նպատակներու։ Ան հայրաբար խրախուսեց ընկերային զօրակցութեան շարժումներ, հովանաւորեց բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ, ինչ որ խորքին մէջ նպաստեց մեր համայնքէն ներս իրերօգնութեան, համերաշխութեան արմատաւորուելուն ու մանաւանդ՝ բոլորի նոյն նաւու մէջ ուղեւոր ըլլալու գիտակցութեան ամրապնդման։ Այս ծանր իրավիճակին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուշադրութեան կեդրոնին պահեց նաեւ մեր համայնքային հաստատութիւններու ցանցը։ Եկեղեցիներու հոգեւոր գործունէութեան կաղացումը փորձեց հնարաւորինս հաւասարակշռել հեռավար քարոզներով եւ մեծ ճիգեր գործադրեց, որպէսզի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը Աստուծոյ խօսքէն չկտրուի՝ իր քաղցր եւ ուրոյն ոճով։ Նորին Ամենապատուութիւնը համաճարակի ծնունդ տուած տագնապի բարդութիւններէն փորձեց խնայել նաեւ թրքահայութեան միւս բարենպատակ կառոյցները։ Իր նպատակը եղաւ հասարակաց յայտարարի մը վրայ բերել համայնքային վարիչները, որպէսզի արտասովոր այս շրջանին համայնքը կարողանայ դիմադրել արտասովոր համագործակցութիւնով մը։ Ճիշդ է, որ նախաձեռնութիւնները հարիւր տոկոս յաջողութիւնով չպսակուեցան, սակայն մէկ կողմէ թերացումներու պարագային պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը չէր վիճակեր Նորին Ամենապատուութեան, իսկ միւս կողմէ կաղացումները չկարողացան ստուեր ածել այն իրողութեան վրայ, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը կը գործէր բարի կամեցողութիւնով՝ որպէս իր հօտին նկատմամբ հոգատար հովիւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան առաջին տարուան մէջ տեղի ունեցան նաեւ հայաշխարհի տեսակէտէ բաւական տխուր իրադարձութիւններ։ Արցախի ողբերգական պատերազմէն սկսեալ, մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը՝ սարսափելի երեւոյթներ սուգի մատնեցին հայաշխարհը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այդ բոլոր ծանր պահերուն յաջողեցաւ շինիչ եւ հաւասարակշռուած ձեւով մը արտայայտել թրքահայութեան կարեկցանքը։ Մեր իրականութեան բնորոշ նուրբ պայմաններով հանդերձ, ան յաջողեցաւ, որ թրքահայութիւնը չմեկուսանայ հայաշխարհէ ներս, լուսանցքի վրայ չմնայ հայ իրականութեան մէջ։ Սա կարեւոր կէտ մըն էր, որ պէտք չէ անտեսուի՝ Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան առաջին տարուան հաշուեկշիռը ընելու ժամանակ։

Ինչպէս ոեւէ առաջնորդ, այնպէս ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, գահակալութեան առաջին տարուան տեւողութեան ունեցաւ թէ՛ ձեռքբերումներ եւ թէ ձախողումներ։ Սա բնական երեւոյթ է եւ կարելի է ըսել, որ իր գործունէութիւնը ընդհանուր առմամբ դրական գնահատականի մը կարելի է արժանացնել՝ մանաւանդ, որ նոյնիսկ առօրեայի բնականոն հունէ հեռացած իրավիճակին մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարողացած է նոր ուժերով համալրել մեր հոգեւորականաց դասը, ինչ որ լաւատեսութիւն կը ստեղծէ ապագայի տեսակէտէ։ Ամփոփ գիծերու մէջ, այս մէկ տարուան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գործած է եռանդով, իր հօտին նկատմամբ պատասխանատուութիւնով, համայնքը համախմբելու ձգտումով, մեր արժէքներուն նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ։ Ան այդ ժամանակաշրջանը լաւ արժեւորած է եւ արդէն որպէս Պոլսոյ Աթոռի գահակալ՝ հնարաւորութիւն ունեցած է դիտարկումներ ընելու, նաեւ փորձառութիւն կուտակելու՝ առկայ հարցերուն դէմ ապագային աւելի ազդու միջամտութիւններ ընելու համար, բնականաբար, աւելի բարենպաստ իրավիճակներու ներքեւ։

Գահակալութեան երկրորդ տարուան այս քայլափոխին կարելի է վկայել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը վայելէ իր հօտին փոխադարձ աղօթքը, բարոյական զօրակցութիւնը եւ հաւատարմութեան զգացումները, որպէսզի իր գործունէութիւնը արգասաւորուի նորանոր ձեռքբերումներով։ Մեր հաւատացեալներու հասարակաց մաղթանքին վերածուած է Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ խորանին վրայ, Պատրիարքական երդումը կատարելու ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ բարձրացուած հայցը, որպէսզի Աստուած օգնական ըլլայ իրեն։

Մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան առաջին տարեդարձը՝ մաղթելով արեւշատութիւն, համբերութիւն ու կորով՝ մեր համայնքի նաւը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու ուղղեալ դժուարին, նաեւ նուիրական առաքելութեան ճանապարհին։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021